Չորեքշաբթի, 24 Մարտի երեկոյեան, նախագահութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի, Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ այս տարուան Մեծ Պահոց հսկումի վերջին արարողութիւնը եւ կատարուեցաւ մոմավառութիւն՝ վասն խաղաղութեան հոգւոցն հայոց քաջարի նահատակացն: Արարողութեան մասնակցեցան թեմի հոգեւորականաց դասը, ներկայութեամբ Ազգային վարչութեան, Տիկնանց օժանդակ մարմինին եւ հաւատացեալներու:
Արարողութեան աւարտին առաջնորդ սրբազանը իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն՝ խօսելով քրիստոնեայ մարդուն կեանքին մէջ Մեծ Պահոց ունեցած հոգեկրթիչ դերին մասին՝ միաժամանակ յիշեցնելով, որ Աւագ Շաբթուան նախօրեակին կը հրաւիրուինք մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու մեր Տիրոջ եւ Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի վրայ եւ հաղորդ դառնալու Անոր երկրաւոր կեանքի վերջին օրերու դէպքերուն, ապա կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Այս օրհնեալ պահուն, երբ հաւաքուած ենք Ազգային առաջնորդարանին մէջ, թեմիս Կրօնական ժողովին ու Ազգային վարչութեան հետ համախորհուրդ նոր հիմնադրամ մը կը հաստատենք Ազգային առաջնորդարանէն ներս, «Նահատակի Ընտանիքին» անունով: Հիմնադրամին նպատակն է օժանդակութեան բարի ձեռք երկարել Արցախի հայրենական պատերազմին զոհուած նահատակներու ընտանիքներուն»: Յաւելեալ բացատրութիւն տալով՝ առաջնորդը նշեց, որ Ազգային առաջնորդարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինը յատուկ ճիգ թափելով, Մեծ Պահքի ուտեստեղէն պատրաստելով եւ վաճառելով, ինչպէս նաեւ հոգեւորական հայրերու զօրակցական օգնութեամբ, անցնող օրերուն Ազգային առաջնորդարանը յաջողեցաւ հանգանակել շուրջ 50 հազար տոլարի գումար, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ կեանքի կոչել նշեալ հիմնադրամը, որ գործելու պիտի սկսի անմիջապէս: Պարզուեցաւ, որ 249 հայ տուներու մէջ նոյն պահուն պիտի վառին մոմեր, եւ մէկ մոմ՝ առաջնորդարանին մէջ:
Հոգեհանգստեան արարողութեան ընթացքին Պերճ Քիրազեան մեկնաբանեց «Գթա՛, Տէր» շարականը, որուն լուսասփիւռ հնչիւններուն տակ առաջնորդ սրբազան հայրը իր ձեռքով վառեց առաջնորդարանին մոմը: Երեկոն փակուեցաւ «Մեր Հայրենիք» քայլերգի համախումբ երգեցողութեամբ:
Յայտնենք, որ 250 մոմերու բարերարութիւնը ստանձնած էին Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան կազմի ատենապետուհի տիկին Մատլէնը եւ ամուսինը՝ Սարգիս Աշճեան:
(Թղթակցութիւնը՝ Ազգային առաջնորդարանէն)