ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ».- Գերմանիոյ մէջ հրատարակուող Schneller թերթը իր վերջին թիւը ձօնեց Հայաստանին եւ Արցախին։ Քրիստոնէական բնոյթով հրատարակութիւն մըն է այս մէկը, որ շատ ծանօթ է եւ իր տեսակին մէջ հեղինակաւոր հրատարակութիւն մը կը համարուի։ Թերթին վերջին թիւը բացառիկ թիւի մը նշանակութիւնը ունի, որովհետեւ ամբողջութեամբ նուիրուած է Հայաստանին եւ Արցախին։ Ճոխ լուսանկարներով, վառ դրուագներով պատրաստուած թիւ մըն է այս, որուն բովանդակութեան մէջ յետ-պատերազմեան իրավիճակը ներկայացուած է բազմակողմանի ձեւով՝ Հայաստանին ու Արցախին բաժին վիճակած ճակատագրական մարտահրաւէրներով։
Յետ-պատերազմեան ծանր կացութիւնը ուսումնասիրուած է զանազան տեսանկիւններէ։ Թէ՛ ընդհանուր իրադրութիւնը եւ թէ մարդասիրական հանգամանքները հաւասարակշռուած ձեւով մատուցուած է ընթերցողներուն։ Քրիստոնէական պարբերականի այս բացառիկ թիւին մէջ լոյս տեսած է նաեւ Սուրբ Գրոց ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու բաժանմունքի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի յօդուածը։
Թիւին խմբագրականը գրի առնուած է Քաթիա Տորոթի Պաքի կողմէ։ Այս առթիւ նշուած է, որ Հայաստան կը գտնուի Կովկասի մէջ, իսկ այս թիւին աշխատակցութիւն բերած են զանազան երկիրներէ հայեր. ինչպէս՝ Գերմանիա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Իսրայէլ, Իրան, Լիբանան, Սուրիա եւ Թուրքիա։ Բնականաբար հեղինակներ կան նաեւ Հայաստանէն։ Այս երեւոյթը խմբագրականին մէջ ներկայացուած է՝ իբրեւ հայկական ինքնութեան դրսեւորում։