ՏԻՆՔ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԲՈԼՈՐ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒՆ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒՄԸ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ
ՊՈԼԻՍ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւններու դատարանը Ուրբաթ օր հրապարակեց «Ակօս» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան մէջ դերակատարութիւն ունեցած շարք մը ամբաստանեալներու դատավճիռները։
76 ամբաստանեալներուն մէջ կան ոստիկանութեան նախկին եւ ներկայ աշխատակիցներ, ոստիկաններ, լրագրողներ, դատաւորներ։
Պոլսոյ ոստիկանութեան գաղտնի սպասարկութեան նախկին պետ Ռամազան Աքիւրեքի եւ անոր տեղակալ Ալի Ֆուատ Եըլմազերի նկատմամբ առաջադրուած էին դիտաւորեալ մարդասպանութեան օժանդակելու ամբաստանութիւն։ Երկուքն ալ ցմահ բանտարկութեան դատապարտուեցան՝ խստացուած եղանակով։
Ցմահ բանտարկութեան դատապարտուեցան նաեւ Պոլսոյ ոստիկանութեան երկու այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ՝ Եավուզ Քարաքայա եւ Մուհարրամ Տեմիրքալէ, իսկ ուրիշ մը անպարտ արձակուեցաւ։
2011ին 23 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած էր Տինքը սպաննած ազգայնամոլ Օկուն Սամասթ, որ ոճիրը կատարած էր 17 տարեկանին: Յաջորդ տարին, սպանութիւնը կազմակերպելուն համար ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած էր Եասին Հայալը:
Տինք սպաննուած էր 19 Յունուար 2007ին, «Ակօս»ի խմբագրատան առջեւ:
Ուրբաթ օրուան որոշումէն ետք, Տինքի ընտանիքը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ՝ նշելով, որ պիտի շարունակուի ոճիրին բոլոր պատասխանատուները պատժելու համար պայքարը:
«Առանց սահմանի լրագրողներ» կազմակերպութեան Թուրքիոյ ներկայացուցիչ Էրոլ Էօնտերօղլու ընդունեց, որ վճիռը միայն մասնակիօրէն կը վերահաստատէ արդարութիւնը եւ «լեղի համ» ունի, որովհետեւ ահաբեկչութեան շարք մը պատասխանատուները եւ հովանաւորները տակաւին չեն դատապարտուած եւ ծածուկ կը պահուին։