ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր»․– Ներկայ Թուրքիոյ հիւսիս-արեւմտեան Էսքիշեհիր նահանգի Թեփեպաշը թաղամասին մէջ (նախապէս՝ հայկական թաղամաս) գտնուող Սուրբ Երրորդութիւն հայկական առաքելական եկեղեցւոյ շէնքին վրայ՝ Թուրքիոյ դրօշակին կողքին, վերջերս յայտնուած է նաեւ Ատրպէյճանի դրօշակը: Twitter-ի վրայ այս մասին գրառում կատարած է եւ անոր կից լուսանկար հրապարակած է պոլսահայ Օզան Տեւրիմեան:
Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցին կառուցուած է 19րդ դարուն եւ արժանացած է Հայոց Ցեղասպանուեան պատճառով հայկական լքուած եկեղեցիներու ճակատագիրին:
1945ին հայկական այս եկեղեցւոյ շէնքը Էսքիշեհիրի հիմնադրամներուն կողմէ վաճառուելէ ետք վերածուած է թատերասրահի: Իսկ 1974էն սկսեալ՝ որոշ ժամանակահատուած մը պատմական եկեղեցւոյ շէնքին մէջ ցուցադրուած են սեռային ֆիլմեր: Յատկանշական է, որ նման ֆիլմեր ցուցադրուած են ոչ միայն այս, այլեւ շարք մը այլ հայկական եկեղեցիներու շէնքերուն մէջ, որոնք վերածուած էին թատրոնի կամ շարժապատկերի սրահներու:
Ներկայիս ձեւափոխուած շէնքի առաջին յարկին վրայ կը գործէ Աթաթուրքի մօր անունը կրող մշակութային կեդրոնը, իսկ երկրորդ յարկը՝ «Գորշ գայլեր» ծայրայեղ ազգայնամոլ խմբաւորման քաղաքական թեւը հանդիսացող Ազգայնական շարժում կուսակցութեան Էսքիշեհրի նահանգային կառոյցի գրասենեակն է:
«Հերիք չէ, որ հայկական եկեղեցին սեփականացուցած են, հիմա ալ անշուշտ պէտք է Ատրպէյճանի դրօշը տնկէին անոր վրայ», այս առիթով հեգնանքով գրած է Տեւրիմեան: