ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Քիմ Քարտաշեան եւ Սերժ Թանգեան եւս իրենց ձայնը միացուցին Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական խորհուրդին նախաձեռնած՝ «Այո՛, Ցեղասպանութիւն Է» համացանցային արշաւին, որուն նպատակն է Հայոց Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու մասին իր խոստումը յարգել տալ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին։
Թանգեանի կողքին, «System of a down»ի Ճան Տոլմայեան եւ Տարօն Մալաքեան եւս ստորագրած են զայն։ «Իւրաքանչիւր ստորագրութիւն նկատի կ՛առնուի: Եկէ՛ք այնպէս ընենք, որ Պայտըն ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը»:
Քիմ Քարտաշեանի կողքին ստորգրած են նաեւ անոր քոյրը՝ Քորթնին եւ մայրը՝ Քրիս Ճենըր:
change.org կայքին միջոցաւ իրականացուող արշաւին մասնակցելու համար այցելել yesitsgenocide.org կայքը:
Ցարդ մօտաւորապէս 18,000 ստորագրութիւններ ապահովուած են: