ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմէնիհապեր».- Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան համագումարին ընթացքին որոշուեցաւ կուսակցութեան կեդրոնական գործադիր մարմինի անդամներուն թիւը 50էն բարձրացնել 75ի:
Կուսակցութեան ղեկավար կազմի նոր կազմին մաս կը կազմէ նաեւ պոլսահայ գործիչ եւ մասնագիտութեամբ բժիշկ Սեւան Սըւաճըօղլու:
Արմատներով արաբկիրցի (Մալաթիայի նահանգ) բժիշկը աշխատած է Պոլսոյ հայկական Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցին մէջ: