ՓԱՐԻԶ.- Parentheses հրատարակչութիւնը գրասէր հասարակութեան տրամադրութեան տակ դրած է սփիւռքահայ յայտնի արուեստագէտ Վահէ Պէրպէրեանի «Յանուն Հօր Եւ Որդւոյ» վէպին ֆրանսերէն թարգմանութիւնը։
Վէպը ֆրանսերէնի թարգմանած է Հուրի Վարժապետեան։ Ցարդ լոյս տեսած են նաեւ անոր անգլերէն եւ թրքերէն թարգմանութիւնները։
Au nom du pere et du fils հատորէն օրինակ մը ապսպրելու համար այցելել
https://www.amazon.fr/nom-p%C3%A8re-fils-Vah%C3%A9-Berberian/dp/286364369X
կայքէջը։
Ասիկա Վահէ Պէրպէրեանի երկրորդ վէպն էր՝ «Նամակներ Զաաթարէն» ետք: Հատորը առաջին անգամ հրատարակուած է Լոս Անճելըսի մէջ, 1999ին Wet Paint-ի կողմէ եւ վերահրատարակուած է «Արաս» հրատարակչատան կողմէ, Պոլսոյ մէջ, որ 2008ին հրատարակեց նաեւ անոր թրքերէնը: Գիրքը անգլերէնով լոյս տեսաւ 2015ին, Լոս Անճելըսի մէջ, դարձեալ Wet Paint-ի կողմէ:
Նրբօրէն հիւսուած, շարժապատկեր մը յիշեցնող վէպին դէպքերը տեղի կ՛ունենան Հոլիվուտի մէջ, ուր հօր մը եւ իր զաւակին երկու աշխարհները իրարու կը բախին: Երիտասարդ ամերիկուհի մը ապաստան կը գտնէ անոնց տան մէջ: Որդին՝ Հրայրը, որ հայկական վարժարանի մը մէջ ուսուցիչ է ու իրիկուններն ալ՝ սիրողական դերասան մը, կը սիրահարուի աղջկան, եւ այս պատճառով կը դառնայ իր շուրջիններուն թիրախը: Հօր՝ Յարութիւն Մարոնեանի, եւ որդւոյն միջեւ մշակութային եւ բարոյական բախումը երթալէն կը սաստկանայ, մինչեւ որ տակնուվրայ կ՛ըլլան անոնց կեանքերը: Պէրպէրեանի այս գործը, որ դրուագ առ դրուագ կը յղուի նաեւ կերպարներու անցեալին, կը բանայ ընկերային, մշակութային եւ սեռային աշխարհ մը, որ իր անկեղծութեամբ կը ցնցէ ու կը յուզէ ընթերցողը: