ՎԱՏԻԿԱՆ.- Ֆրանսիս պապը Վատիկանի մէջ, Ս. Յարութեան տօնին առթիւ հանդէս եկաւ իր տարեկան՝ «Քաղաքին եւ աշխարհին» ուղղեալ պատգամով: Այս առթիւ, ան անդրադարձաւ հակամարտութիւններու կարգաւորման, տարածաշրջանային լարուած իրավիճակներուն, սպառազինութիւններու մրցավազքին, համաճարակին դէմ պայքարին, խոցելի խումբերուն, ընկերային պաշտպանութեան եւ երիտասարդութեան:
Պապը խօսեցաւ նաեւ զինեալ տագնապներու ընթացքին գերի ինկածներուն մասին եւ աղօթեց, որ Աստուած թոյլ տայ, որ պատերազմի գերիները, յատկապէս «Արեւելեան Ուքրանիոյ եւ Լեռնային Ղարաբաղի պարագային», կարենան ապահով վերադառնալ իրենց ընտանիքներուն:
Ան նաեւ մաղթեց, որ Աստուած ոգեշնչէ համաշխարհային առաջնորդները՝ սանձելու զէնքերու նոր մրցավազքը: