ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հայ Դատի Մոսկուայի գրասենեակի ղեկավար, ՀՅԴի անդամ Ներսէս Ներսէսեան «Երկիր»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին խօսեցաւ վարչապետ Փաշինեանի Մոսկուա տուած այցելութեան եւ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումին արձանագրուած միջադէպերուն մասին։
Ան մանրամասնութեամբ պատմեց,թէր ինչպէ՛ս Նիկոլ Փաշինեան դահլիճ հասած է ետեւի մուտքէն, թաքուն բարձրացած 11րդ յարկը, եւ անոր դիմաւորող հայ համայնքի ներկայացուցիչները չեն կրցած տեսնել զինք. հանդիպումը տեղի ունեցած է ուշացումով:
Աւելի՛ն, 7 Ապրիլին, կիներ ձերբակալելու բեմագրութիւնը Փաշինեանի ընկերակիցները խաղացած են նաեւ այնտեղ, ուր հանդիպումէն առաջ տեղի ունեցած է միջադէպ մը:
«Հայկական կողմի անվտանգութեան համակարգի ներկայացուցիչների պահանջով մեր մի քանի աղջիկների մի քանի ժամով մեկուսացրին, որպէսզի չխանգարեն, թէ ի՞նչը չխանգարեն` այդպէս էլ չհասկացայ: Ակտիւիստներ էին, ովքեր այս ամբողջ ընթացքում մշտապէս կազմակերպչական աշխատանքով էին զբաղուել, այդ թւում նաեւ Արցախի աջակցութեան միասնական շտաբի գործունէութեանն էին մասնակցել, եւ չեմ կարծում, որ այնքան վտանգաւոր էին, որ հէնց անվտանգութեան ներկայացուցիչների ցուցումով պէտք էր դուրս հրաւիրել, այնուհետեւ մօտ 3 ժամ կասեցնել նրանց ազատութիւնը: Երեւոյթը շատ տհաճ էր, չեմ կարծում, որ Ապրիլի 7ին նման միջադէպ պէտք է տեղի ունենար», յայտնեց Ներսէս Ներսէսեան:
Ռուսիոյ հայ համայնքի պառակտում. այսպէս որակեց Հայ Դատի Մոսկուայի գրասենեակի ղեկավարը Փաշինեանի հանդիպումը միա՛յն նորաստեղծ Հայ իրաւաբաններու միութեան անդամներուն հետ: Ըստ անոր՝ հանդիպումը պէտք է տեղի ունենար կա՛մ Ռուսիոյ մէջ Հայաստան դեսպանատան, կա՛մ եկեղեցւոյ համապատասխան դահլիճին մէջ, ուր մնայուն կերպով կը կայանան նման հանդիպումներ, նաեւ պէտք է կարելիութիւն ունենային մասնակցելու հայ համայնքի տարբեր շերտերու աշխոյժ ներկայացուցիչներ, նաեւ գործարար շրջանակներու ներկայացուցիչներ, որոնք իսկական մասնակցութիւն բերած են Հայաստանի զարգացման կամ գոնէ կը պատրաստուին ունենալ: Սակայն, այլ բան պատահած է։ «Այլապէս գաղտնի, փակ հանդիպում կազմակերպել նախապէս պատրաստուած հարցերով, չեմ կարծում` այդքան էլ սազական է որեւէ պետութեան ներկայացուցչի, առաւել եւս ղեկավարի: Վերջին պահին ենք իմացել, այդ թւում նաեւ ցանկի մասին, հայկական որեւէ կազմակերպութիւն նախապէս չի իմացել հանդիպման մասին: Ես ճանաչում եմ հանդիպման կազմակերպիչ Շահէն Պետրոսեանին, բազմաթիւ իրաւաբանների, որոնք մասնակցել են, բայց հրաւէր չեմ ստացել: Հանդիպումն անակնկալ էր նաեւ մնացած մեր գործընկեր կազմակերպութիւնների համար: Նման կերպով պառակտել համայնքը չի կարելի: Անթոյլատրելի եւ անհանդուրժելի է հայկական Սփիւռքի պառակտումը է եւ հատուածական մօտեցումը: Այս գործընթացը արդէն բաւականին երկար ժամանակ տեղի է ունենում` այդ թւում նաեւ Ռուսաստանում», նշեց Ներսէս Ներսէսեան։
Ան լուսարձակի տակ առաւ այն երեւոյթը, որ վերջին տարիներուն Հայաստանի իշխանութիւնները Ռուսիոյ մէջ եւս կը փորձեն գտնել իրենց կողմ եղողները, իսկ կասեցնել որոշ կազմակերպութիւններու, անհատներու աշխուժութիւնը: Եւ այսօր ունենք այն պատկերը, որ ռուսահայ համայնքը գերակշիռ մասով իր անհամաձայնութիւնն է յայտնում ՀՀ ներկայ կառավարութեան գործունէութեանը, ինչի վառ ապացոյցն էր նաեւ երէկուայ հանդիպումը, որտեղ չկար որեւէ մէկ կազմակերպութիւն, որեւէ մէկ գործիչ, որը հասարակական աշխոյժ կեանքով զբաղուելով հանդերձ` նաեւ ներկայացնում է այլ հանրոյթ», նշեց Ներսէսեան:
Ան վստահեցուց, որ հանդիպումին մասնակցիլ փափաքողները հիմնականօրէն մէկ հարցում ունէին Փաշինեանին՝ բացատրութիւն իր կատարած գործերուն համար. կ՛ուզէին իրենց կեցուածքը արտայայտել վերջերս տեղի ունեցած դէպքերուն գծով, նաեւ փորձել պարզաբանումներ ստանալ` մինչեւ երբ ան երկիրը կործանման պիտի տանի:
Ըստ Ներսէսեանի՝ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ Փաշինեանի 3 ժամ տեւած հանդիպումը անիմաստ է: «Բնականաբար, պէտք է հանդիպի, ներկայացնի իրավիճակը, բայց նա այն կառավարիչը չէ, որ կարող է երաշխաւորել իր կողմից ղեկավարուող երկրի, պետական հաստատութիւնների անխափան աշխատանքը: Այսինքն, Փաշինեանը այս պահին չի տիրապետում պետական կառավարման լծակներին, եւ ինքը կարող է ընդամէնը ապահովել որոշակի գործընթացների անխափան ընթացքը: Մնացած առումներով բոլորն էլ հասկանում են, որ անիմաստ է նրա հետ բանակցել. կարծում եմ, հարցերի շատ լայն շրջանակ չի էլ քննարկուել», յայտնեց Ներսէս Ներսէսեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Փաշինեանի հանդիպումը Փութինի հետ չի՛ մօտեցներ Ատրպէյճանը Մեղրիով Թուրքիոյ միացնելու միջանցքի եւ հայ-թրքական սահմանի բացման գործընթացին՝ Հայ Դատի Մոսկուայի գրասենեակի ղեկավարը նշեց, որ իրենց դիրքորոշումը այն է, որ այնքան ատեն որ Թուրքիա չէ դադրեցուցած իր ցեղասպան գործունէութիւնը, ներում չէ հայցած եւ չէ փոխհատուցած Ցեղասպանութեան իբրեւ արդիւնք Հայաստանին հասցուած վնասները՝ Թուրքիոյ հետ որեւէ բարեկամական, գործընկերային յարաբերութիւն կա՛մ երկրորդ կարգ պիտի մղէ Հայ Դատը՝ կա՛մ ուղղակի դատապարտուած է շատ կարճ ժամանակ ետք դարձեալ խափանուելու, եւ աւելին` իբրեվ սպառնալիք՝ մեզի դէմ պիտի օգտագործուի։
«Այսինքն, մենք դէմ չենք, որ մեր հարեւանների հետ ունենանք բաց սահմաններ, աւելին` մենք միշտ պահանջել ենք ապաշրջափակել Հայաստանը, բայց պէտք է ապաշրջափակուել որպէս գերիշխան պետութիւն: Ցանկացած յարաբերութիւն հարեւանների հետ պէտք է հիմնուած լինի մեր ազգային, պետական շահի առաջնայնութեան վրայ: Այնինչ այս պահին, ինչ առաջարկում են մեր պետական գործիչները, ոչ այլ ինչ է, քան աննպատակ, անհետեւանք շողոքորթութիւն», ըսաւ Ն. Ներսէսեան:
Ան չի կարծեր, թէ սահմաններու բացումը մեզի օգուտ պիտի բերէ: Աւելի՛ն, վստահ է, որ կը յայտնուինք տնտեսական մրցակցութեան վտանգին տակ: Բայց, ըստ անոր, այս չէ իսկական հարցը, հարցը այլ տեղ է` արդեօք մենք արժանապատիւ պետութի՞ւն ենք, մենք մեզ յարգել գիտե՞նք, արդեօք մենք ունի՞նք մեր պահանջատիրութիւնը, եւ նոյնիսկ եթէ մենք պատրաստ ենք ինչ-որ բան տալ, մենք ի՞նչ պիտի ստանանք անոր դիմաց:
Հարցազրոյցին ամբողջութիւնը կարելի է դիտել՝ այցելելով կայքէջը։