ԵՐԵՒԱՆ.- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմինը, մեկնելով երկրին մէջ ստեղծուած ծանրագոյն իրավիճակէն՝ կը շարունակէ իր մարզային հանդիպումները:
Այս ծիրին մէջ, 8 Ապրիլին հանդիպում տեղի ունեցաւ Գիւմրիի մէջ, ուր ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամներ Արթուր Խաչատրեան, Լիլիթ Գալստեան եւ Յակոբ Մաթիլեան տեսակցեցան ՀՅԴ Շիրակի մարզային կառոյցի անդամներուն եւ համակիր քաղաքացիներուն հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան շարք մը հրատապ հարցեր: