ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ Կրթական հիմնարկութիւնը անցեալ տարի յատուկ հիմնադրամ մը հաստատեց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն եւ անկէ ետք երկիրը ցնցած տնտեսական տագնապէն տուժած հայ ուսանողներուն աջակցելու նպատակով։
Հիմնարկութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ նշեալ հիմնադրամէն 47,400 տոլար՝ իբրեւ կրթանպաստ յանձնուած է 34 լիբանանահայ ուսանողներու, որոնք իրենց համալսարանական ուսումը կը շարունակեն Հայաստանի մէջ։
Հինարկութեան նախագահ Էլ Քապրալոֆ կը շեշտէ, թէ սոյն կրթանպաստները նաեւ կը քաջալերեն լիբանանահայ ուսանողները, որ Հայաստանի մէջ ամբողջացնեն իրենց ուսումը եւ հոն հաստատուին, նոյն ժամանակ շնորհակալութիւն յայտնելով այս յատուկ հիմնադրամին նպաստած նուիրատուներուն։
Նշենք, որ Հայ Կրթական հիմնարկութիւնը հաստատուած է 1950ին, կրթանպաստներ տրամադրելու համար հայ ուսանողներու եւ կրթական հաստատութիւններու՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի տարածքին: Վերջին տասնամեակին, հաստատութիւնը 5.2 միլիոն տոլարի նպաստներ բաժնած է գլխաւորաբար Հայաստանի գիւղերուն, Արցախի եւ Ջաւախքի մէջ։ Անիկա 1998էն ի վեր 200էն աւելի վարժարաններ նորոգած է:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել aefweb.org կայքը: