ՄՈՍԿՈՒԱ, ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ»․– Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով, մեկնաբանելով Ռուսիոյ դէմ ամերիկեան նոր պատժամիջոցները՝ Ուրբաթ օր յայտարարեց, թէ Ուաշինկթըն կը տարապի «պատժամիջոցներու մոլութենէ», սակայն դրական համարեց Ուաշինկթըն-Մոսկուա լարուածութիւնը մեղմացնելու նպատակով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի յայտարարութիւնը։
«Միացեալ Նահանգներու գերիշխանութեան եւ շահերուն դէմ Ռուսիոյ կառավարութեան եւ հետախուզական ծառայութիւններու գործողութիւններուն պատճառով», Սպիտակ տունը նոր պատժամիջոցներ հաստատեց 32 ռուսերու եւ հաստատութիւններու դէմ, որոնք ամբաստանուած են ամերիկեան ընտրութիւններուն վրայ ազդելու համար ռուսական գաղտնի սպասարկութիւններու համացանցային ծրագիրին աջակցելու յանցանքով:
Միացեալ Նահանգները նաեւ որոշեց արտաքսել Ուաշինկթընի մէջ Ռուսիոյ դիւանագիտական առաքելութեան տասը աշխատակիցներ՝ պնդելով, որ անոնց մէջ կան Ռուսիոյ գաղտնի սպասարկութիւններու ներկայացուցիչներ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Ռուսիոյ դէմ ամերիկեան պատժամիջոցները կը հակասեն երկու երկիրներու շահերուն:
Միւս կողմէ, Պայտըն հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ եւ զայն հրաւիրեց «յառաջիկայ շաբաթներուն» հանդիպելու:
Այս մասին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն ըսաւ․ «Մենք պիտի նախընտրէինք կայուն եւ կանխատեսելի յարաբերութիւններ Ռուսիոյ հետ: Ասիկա, իր կարգին, կը պահանջէ կապի բաց գիծեր, որպէսզի մենք յստակ կերպով խօսինք մեր տեսակէտներուն, քաղաքականութեան, Ռուսիոյ քայլերուն վերաբերեալ մեր առարկութիւններուն մասին: Այս կարեւոր է սխալ հաշուարկներէ խուսափելու համար: Դուք այդ տեսաք, երբ նախագահ Պայտըն ընկալուչը վերցուց եւ հեռաձայնեց նախագահ Փութինին` առաջարկելով յառաջիկայ շաբաթներուն հանդիպիլ»:
Նախապէս Սպիտակ տունը յայտնած էր, որ հանդիպումը կրնայ տեղի ունենալ յառաջիկայ քանի մը ամիսներուն ընթացքին: «Պայտըն կը կարծէ, որ Փութինի հետ իր հանդիպումը վճռական պիտի ըլլայ երկու երկիրներուն յարաբերութիւններուն միջեւ սուր լարուածութիւնը մեղմացնելու առումով», յայտնեց Սպիտակ տունը:
«Ռուսիոյ դէմ ամերիկեան վերջին պատժամիջոցները կասկածի տակ կ՛առնեն Փութինի եւ Պայտընի միջեւ վեհաժողովի մը գումարման կարելիութիւնը», իր կարգին ըսաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա: