ԵՐԵՒԱՆ.- «Հրապարակ TV» առցանց պատկերասփիւռի ալիքի հիւրը՝ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան զրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ գործող իշխանութիւններուն վարած յետ–պատերազմեան քաղաքականութեան եւ վերջին տարիներուն համահայկական հարցերուն մէջ յառաջացած հարցերուն:
Խօսելով սպասուող արտահերթ ընտրութիւններուն գծով Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ 14 Ապրիլին Նիկոլ Փաշինեանին կատարած շաք մը յայտարարութիւններուն, ինչպէս նաեւ իշխող մեծամասնութեան այդ օրուան պահուածքին մասին` Մանոյեան ընդգծեց, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Արցախի Հանրապետութիւնը, անշուշտ, ապագայ ունին, բայց ոչ ա՛յս իշխանութիւններուն հետ եւ ոչ ա՛յս կառավարութեան պատկերացումներով:
Հաղորդման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ մեր պահանջատիրութեան հարցերու համաշխարհային արծարծումներուն, Արցախի հարցով բանակցային գործընթացի վերականգնման, Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան շարունակուող շրջափակման, Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի գործող իշխանութիւններու վերջին շրջանի յայտարարութիւններուն:
Հարցազրոյցը կարելի է դիտել՝ այցելելով https://www.youtube.com/watch?v=IM_di5H7iHo կայքէջը: