ՊՐՆ. ՎԱԶԳԷՆ ՄԱՏԷՆԼԵԱՆԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐԸ ՇԱՄԼԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
Պրն. Վազգէն Մատէնլեան Շամլեան վարժարանի տնօրէնութեան պաշտօնը ստանձնեց 1991-92 տարեշրջանին, երբ վարժարանին ներքին մթնոլորտը կ՛ապրէր ալեկոծութեան շրջան մը: Պրն. Մատէնլեան կարճ ժամանակաշրջանի մը ընթացքին խաղաղութիւնը վերահաստատելով՝ անցաւ հիմնական ձեռնարկութիւններու:
23 տարիներու իր տնօրէնութեան շրջանին կատարուեցան բազմաթիւ իրագործումներ:
Ա. «Աբովեան» Ծրագիր
Հայերէնի եւ պատմութեան ուսուցման զարկ տալու, ինչպէս նաեւ աշակերտները խանդավառելու եւ անոնց մէջ մրցակցութեան ոգի զարգացնելու նպատակով՝ հաստատուեցաւ «Աբովեան» ծրագիրը, որ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց աշակերտներուն եւ ծնողներուն մօտ:
Բ. Արեւելահայերէնի Դասագիրքերու Պատրաստութիւն
Մեծ իրագործում մը եղաւ, անկասկած, արեւելահայերէնի դասագիրքերու պատրաստութեան եւ հրատարակութեան ծրագիրը: Ազգային առաջնորդարանը եւ Խնամակալ մարմինը տարիներու աշխատանքով՝ հրատարակեցին հայերէնի եւ պատմութեան արեւմտահայերէն դասագիրքեր, ազգային վարժարաններու աշակերտներուն համար: Սակայն Շամլեան վարժարանի աշակերտութեան կարեւոր տոկոսը արեւելահայ էր եւ անհրաժեշտ՝ անոնց համար արեւելահայերէնի դասագիրքեր հրատարակել:
Մեծածախս այս ծրագիրը յաջողեցնելու համար, պրն. Մատէնլեան յառաջացուց յանձնախումբեր, դրամահաւաք կազմակերպելու եւ դասագիրքերը պատրաստելու նպատակով:
Տարիներ տեւող աշխատանքէն ետք, վարժարանս ունեցաւ Ազգային առաջնորդարանին կողմէ պատրաստուած լեզուի եւ պատմութեան դասագիրքերուն արեւելահայերէն տարբերակը: Այս դասագիրքերը օգտակար եղան ո՛չ միայն Շամլեանի աշակերտներուն, այլ նաեւ տարբեր վարժարաններու, նահանգներու եւ երկիրներու մէջ՝ ինչպէս Նիւ Եորք եւ Աւստրալիա ապրող հայ աշակերտներուն:
Գ. Հայաստան Ճամբորդութիւն
Հայաստանի անկախութենէն ետք, վարժարանիս 8րդ կարգի աշակերտներու՝ դէպի մայր հայրենիք ճամբորդութիւնը վերսկսաւ: Սոյն նախաձեռնութիւնը մեծ ընդունելութիւն գտաւ աշակերտներուն եւ ծնողներուն կողմէ, որոնք անհամբեր կը սպասեն ութերորդ կարգ հասնելու, Հայաստան այցելելով անձամբ տեսնելու այն տեսարժան վայրերը (որոնց մասին սորված են) եւ հայրենիքի մէջ ամոռանալի օրեր անցընելու:
Դ. «Սարոյեան» Ծրագիր
Հայերէնի դասագիրքերուն կողքին իրագործուեցաւ նաեւ «Սարոյեան» ծրագիրը, արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն տարբերակներով, որ արդիական ձեւերու գործադրումով աւելի մատչելի դարձուց հայերէնի ուսուցումը:
Ե. Շամլեան Վարժարանի Քայլերգ
Պրն. Մատէնլեանի նախաձեռնութեամբ վարժարանս ունեցաւ նաեւ իր սեփական քայլերգը, իր իսկ կողմէ կատարուած երաժշտական յօրինումով:
Զ. Գիտարուեստի Ներառում
Ուսումնական-կրթական մարզին մէջ գիտարուեստի արագընթաց փոփոխութիւններուն հանդէպ անտարբեր չէր կրնար մնալ պրն. Մատէնլեան: Բնականաբար, դիւրին չէր ուսուցիչները մղել համակարգիչի գործածութեան: Սակայն, իր կատակախառն մօտեցումով եւ հետեւողական ճիգով յաջողեցաւ համակարգիչի գործածութիւնը պարտադրել:
Բոլոր դասարաններուն մէջ զետեղուեցան համակարգիչներ: Կարճ ժամանակամիջոցի ընթացքին, դասերու արձանագրութիւնները, գրաւոր աշխատանքները եւ նիշերու փոխանցումները կատարուեցան համակարգիչի օգտագործումով։
Աւելի ուշ, վարժարանիս դասարանները օժտուեցան նաեւ արդիական այլ սարքերով՝ smart board եւ document camera, ուսուցումը աւելի մատչելի եւ հաճելի դարձնելու համար:
Է. Շինարարական Մարզ
Սկզբնական տարիներուն, Շամլեան վարժարանը ունէր սրահ մը, որ կը գործածուէր՝ իբրեւ հանդիսասրահ, ճաշասրահ եւ անձրեւոտ օրերուն մարզանքի վայր: Սակայն տարիներու ընթացքին, հետզհետէ փոխուեցաւ այդ վիճակը: Բարերարներու նիւթական օժանդակութեամբ ունեցանք ճաշասրահ եւ խոհանոց, որուն շնորհիւ աշակերտներուն կը մատակարարուի տաք ճաշ:
Յաջորդ շինարարական իրագործումը եղաւ գրասենեակի եւ ուսուցչարանի շէնքերու բարեփոխումը եւ բարեզարդումը:
Պրն. Մատէնլեանի մեծ երազն էր՝ դպրոցը օժտել մարզասրահով, որպէսզի յաջորդական սերունդները վայելեն իրենց մարզանքի պահը: Բարեբախտաբար, իր տնօրէնութեան վերջին տարիներուն իրականացաւ այդ երազն ալ, երբ դպրոցը ունեցաւ իր արդիական մարզասրահը՝ շնորհիւ Բաղդասարեան ընտանիքի նիւթական օժանդակութեան:
Պրն. Մատէնլեանի տնօրէնութեան վերջին տարեշրջանին՝ 2014ին, տնօրէնութեան եւ պատկան մարմիններուն ջանքերուն շնորհիւ, վարժարանս աշակերտութեան թիւը 500-700 բարձրացնելու արտօնութիւն ստացաւ Կլենտէյլի քաղաքապետարանէն:
Պրն. Մատէնլեան իր տասնամեակներու ծառայութեան համար՝ իբրեւ կրթական մշակ, արժանացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին:
23 տարիներու բեղուն գործունէութենէ ետք, պրն. Մատէնլեան որոշեց հանգստեան կոչուիլ: Ի պատիւ իրեն՝ Շամլեան վարժարանի մեծ ընտանիքը կազմակերպեց ողջերթի հաւաքոյթ մը, որուն մասնակցեցան վարժարանիս յարակից մարմինները ու ներկայացուցիչներ, պաշտօնէութիւն, ծնողներ, շրջանաւարտներ, բարեկամներ եւ հիւրեր:
Ժպիտը եւ ուրախութիւնը համակած էին զինք…:
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:
ՄԱՀԱԶԴ
ՎԱԶԳԷՆ ՄԱՏԷՆԼԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 18 Սեպտ. 1946ին, Պէյրութ, Լիբանան)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր եւ հարազատին՝ Վազգէն Մատէնլեանի մահը, որ պատահեցաւ Շաբաթ, 13 Մարտ 2021ին։
Յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնները պիտի կատարուին Հինգշաբթի, 22 Ապրիլ 2021ին, առաւօտեան ժամը 10ին, Glendale Forest Lawn գերեզմանատան մէջ, Church of The Recessional մատրան մօտ, 1712 S. Glendale Ave, Glendale։
«Քորոնա» ժահրի համաճարակին պարտադրած պայմաններուն պատճառով, ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին թաղման արարողութենէն ետք։
Սգակիրներ՝
Այրին՝ Սեդա Մատէնլեան
Դուստրը՝ Մարալ եւ Նինօ Դաւիթեան եւ դուստրերը՝ Սեւանա եւ Արենի
Դուստրը՝ Լորիկ եւ Արմէն Սրուրեան եւ դուստրը՝ Նովա
Եղբայրը՝ Արա եւ Սոնա Մատէնլեան
Քոյրը՝ Վերժին Մատէնլեան
Եղբօր դուստրը՝ Թամար եւ Փիթըր Աշճեան եւ ընտանիք
Զարմիկը՝ Ռազմիկ Մատէնլեան
Զարմիկին կինը՝ Մաքրուհի Մատէնլեան
Զոքանչը՝ Անիսա Համալեան
Աներորդին՝ Յակոբ Համալեան
Քենին՝ Ռիթա Գոճեան
Քենին՝ Էլիզապէթ Համալեան
Հարազատները՝ Հուրիկ Գոճեան եւ ընտանիք
Հայկ Գոճեան եւ ընտանիք
Սարգիս Գոճեան եւ ընտանիք
Արամ եւ Նայիրի Մատէնլեան եւ ընտանիք
Արփի Մատէնլեան եւ ընտանիք
Շուշան եւ Այվիքա Զիւփիք
Կարօ Մատէնլեան եւ ընտանիք
Խնամին՝ Սեդրակ եւ Պեթի Դաւիթեան եւ ընտանիք
Խնամին՝ Նշան եւ Սալբի Սրուրեան եւ ընտանիք
Եւ համայն Մատէնլեան, Համալեան, Գոճեան, Դաւիթեան, Սրուրեան եւ Աշճեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Շամլեան Ազգային վարժարանին (Chamlian Armenian School ) կամ Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան (Armenian Cultural Foundation – ACF Western USA Inc.)։