

ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին նախաձեռնութեամբ` 20 Ապրիլին, «Առնօ Բաբաջանեան» համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Դարերու վրէժը» խորագիրով պատմագեղարուեստական երեկոն` նուիրուած «Նեմեսիս» գործողութեան 100ամեակին եւ Հայ Դատի արդար պայքարի միւս մարտիկներուն:
Ելոյթով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, որ արժեւորեց Հայոց Ցեղասպանութեան կազմակերպիչները հրապարակային կերպով պատժելու գործողութիւնը եւ նկատել տուաւ, որ հայ ազգի վրէժի ու հայրենիքի կարօտի ընթացքը կը շարունակուի նաեւ այսօր:

Երեկոյին ընթացքին խօսք առաւ Դրաստամատ Կանայեանի թոռնուհին` Իրինա Կանայեան:Ան ներողութիւն խնդրեց, որ սահուն հայերէն չի խօսիր, որովհետեւ ծնած է Սիպիրի մէջ, ուր աքսորած էին Դրոյին ընտանիքը:
Դրոյի թոռնուհին ըսաւ, որ ընտանիքը պահպանած է Դրոյի նամակներ, նկարներէն մաս մը եւ կարգ մը իրեր: Ան բեմէն նամակներէն հատուածներ կարդաց։
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ հայ վրիժառու Արտաշէս Գէորգեանի թոռը՝ Արմէն Գէորգեան: Արտաշէս Գէորգեան 21 Յուլիս 1922ին իր ընկերներուն՝ Պետրոս Տէր Պօղոսեանի եւ Ստեփան Ծաղիկեանի հետ Թիֆլիսի մէջ սպաննեց Հայոց Ցեղասպանութեան գլխաւոր յանցագործներէն մէկը` Օսմանեան կայսրութեան ռազմածովային նախարար Ճեմալ փաշան:

Երեկոյին ընթացքին տեղի ունեցաւ «Նեմեսիս»ի եւ Լիզպոնի գործողութիւններուն նուիրուած կարճ ժապաւէններու անդրանիկ ցուցադրութիւնները, ներկայացուեցան յուշեր, հնչեցին հայրենասիրական ստեղծագործութիւններ եւ ընթերցուեցաւ Դրաստամատ Կանայեանի անտիպ նամակը:
[embedyt] https://www.youtube.com/watch?v=IyBla5CFbJA[/embedyt]