ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Այս ամսուն սկիզբը, Հայ Մշակութային հիմնարկութեան ներկայացուցիչները աջակցութիւն հասցուցին Արցախի նորագոյն պատերազմին նահատակուած կամ վիրաւորուած զինուորներու ընտանիքներուն, նոյն ատեն Արեւմտեան Ամերիկայի հայութեան երախտագիտական զգացումները փոխանցելով անոնց։
Յունուարին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Մշակութային հիմնարկութիւնը 100,000 տոլարի հատուցումով մը ընթացք տուած էր ատրպէյճանական նորագոյն բռնարարքներուն հետեւանքով իրենց տուները եւ ապրուստի միջոցները կորսնցուցած Արցախի քաղաքացիներուն եւ ընտանիքներուն աջակցելու արշաւին։
Նուիրուած գումարը գոյացած էր Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անդամներուն, համակիրներուն եւ բարերար կազմակերպութիւններու կողմէ, որոնք անսացին Արցախի ժողովուրդին զօրակցելու՝ շրջանի ՀՅԴի Կեդրոնական կոմիտէի կոչին։
3էն 9 Ապրիլին, Հայաստան գտնուած Հայ Մշակութային հիմնարկութեան պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին Յարութ Մկրտիչեան, Շահան Աղպապեան, Կարօ Էշկիեան, Ճորճ Օհանջանեան եւ Ճոզէֆ Մկրեան՝ այցելեց Պռոշեան, Բերդաշէն, Էջմիածին, Արտաշատ, Հրազդան եւ Երեւան ու անոր մօտակայ շրջանները, 65,000 տոլար յանձնելով ՀՅԴի գումարտակին մաս կազմած՝ նահատակուած կամ վիրաւորուած 55 զինուորներու ընտանիքներուն։
Ասոր կողքին, պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ Հադրութէն գաղթականներու աջակցութիւն տրամադրող կազմակերպութեան մը ներկայացուցիչներուն հետ, 10,000 տոլար նուիրելով անոնց առաքելութեան եւ 25,000 տոլար յատկացուց Արցախի մէջ դպրոցներ վերակառուցելու Հայ Կրթական հիմնարկութեան ծրագիրներուն։
Պատուիրակութեան անդամները նաեւ այցելեցին Եռաբլուր, ՀՅԴի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանին անունով յարգանքի տուրք մատուցելով նահատակներուն եւ ծաղկեպսակներ խոնարհելով անոնց շիրիմներուն։ Նոյն օրը, անոնք նաեւ Պռոշեանի Պանթէոնը այցելեցին։