ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- 21 Ապրիլին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելեց Սիւնիքի մարզը, ուր սիւնեցիները թոյլ չտուին, որ ան այցելէ համայքները: Բողոքի ցոյցեր կատարուեցան Սիւնիքի զանազան համայնքներու մէջ, ուր քաղաքացիները գոչեցին՝ «Նիկոլ դաւաճան, թուրք եւ հողատու», հնչեցին նաեւ տարբեր հայհոյանքներ եւ վիրաւորանքներ, որոնց տարափին տակ ան հեռացաւ քաղաքներէն: Փաշինեանի կ՛ընկերակցէին մեծ թիւով զինեալներ, նաեւ նորեր բերուեցան՝ գետնի վրայ ստեղծուած լարուած կացութեան լոյսին տակ։ Շուռնուխցիները եւս փակեցին իրենց շրջանները տանող ճամբաները։
Կապանի «Ազատամարտ» բարեսիրական կազմակերպութեան նախագահ, Կապանի ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» կոմիտէի անդամ Խորէն Յարութիւնեան, յաւելեալ մանրամասնութիւններ տալով՝ յայտնեց, որ Մեղրիի, Քաջարանի եւ Կապանի մէջ քաղաքացիները մերժեցին ընդունիլ Փաշինեանը: Զոհուած զինուորներու հարազատները, զայն մերժող այլ քաղաքացիներ միացան եւ փակեցին Եղբայրական գերեզմաննոցի ճանապարհը՝ չարտօնելով, որ Փաշինեան գերեզմատուն այցելէ, որպէսզի ան չպղծէ մեր հերոսներու յիշատակը:
Յարութիւնեան այս օրերուն Փաշինեանի Սիւնիք այցելութիւնը սոսկ զուգադիպութիւն չնկատեց: «Սիւնիքի մարզով Ադրբեջանին ճանապարհ է տալու: Փաստաթուղթը ստորագրելու է, ձգձգում է, որովհետեւ իշխանութիւնը պահելու խնդիր ունի: Գիտակից մարդիկ շատ լաւ հասկանում են, որ տարբերութիւն չկայ, թէ այդ ճանապարհը որտեղով է անցնելու` Մեղրիով, թէ Սիսիանով: Եթէ Սիսիանի վերեւով ճամբայ տայ, ամբողջ Սիւնիքը ընկնում է օղակի մէջ, ընդ որում` ճանապարհ ասելով միայն երկաթգիծ չէ, որ նկատի ունենք», յայտնեց ան։
Փաշինեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պետ Արմէն Աբազեանէն եւ Հայաստանի ոստիկանապետ Վահէ Ղազարեանէն ակնկալեց, որ կտրուկ եւ յատուկ գործողութիւններով ճանապարհ փակած ու իր հրաժարականը պահանջող սիւնեցիները կանչուին պատասխանատուութեան: Երեկոյեան Նիկոլ Փաշինեանի դէմ Սիւնիքի մէջ տեղի ունեցածին վերաբերեալ Հայաստանի գլխաւոր դատախազութիւնը յանձնարարեց քրէադատավարական կարգով վարոյթ իրականացնել։
Առ ի զօրակցութիւն Սիւնիքի ու յանուն հայրենիքի կոչով նոյն օրը երեկոյեան մեծաթիւ քաղաքացիներ հաւաքուեցան կառավարական ամարանոցի մուտքին մօտ՝ սպասելով Սիւնիքի մարզէն վերադարձող Նիկոլ Փաշինեանին:
ՀՅԴի անդամ Գեղամ Մանուկեան հանդէս եկաւ կոչով եւ տեղեկացուց քաղաքացիներուն, Արարատի խճուղիին վրայ, իբրեւ շարունակութիւն Սիւնիքի մէջ ծայր առած բողոքի ալիքին, քաղաքացիները անգամ մը եւս կը յիշեցնեն, որ Նիկոլ Փաշինեան հանգիստ պիտի չունենայ հայոց հողերուն վրայ:
«Սիւնիքում Նիկոլ Փաշինեանը փորձեց երեւալ վարչապետ, բայց միակ բանը, որ արեց, կարողացաւ ուղղակի զօրամասերում քայլել, չէր հասկանում` իր դիմաց կանգնած զինուորը հայհոյում է իրեն եւ յիշում իր հարիւրաւոր զոհուած ընկերներին, որոնց նահատակութեան պատասխանատուն այդ հայրենադաւն է», դիտել տուաւ Մանուկեան:
Ան նաեւ անդրադարձաւ 21 Ապրիլին Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւններուն՝ թէ Շուռնուխի մէջ 30 տարուան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով նոր տուն կը կառուցուի: «Հողատուն Սիւնիքի մարզպետարանում հպարտացել է, թէ Շուռնուխում առաջին անգամ տուն է սարքւում եւ դա իր հպարտութիւնն է, բայց հայրենադաւը չի էլ հասկանում, որ տուն են սարքում այն մարդկանց համար, որոնց տները մնացին թշնամուն, չի էլ մտածում, որ Շուռնուխում նոր տուն սարքում են այն պատճառով, որ թուրքի սահմանը հասել է Շուռնուխ», նշեց Մանուկեան:
Մինչ քաղաքացիները շարունակեցին մօտենալ ամարանոցի մուտքին, ստուարացան նաեւ ոստիկանական շարասիւները: Քաղաքացիները նաեւ փակեցին Նիկոլ Փաշինեանի դէպի Երեւան տանող ճամբան: Ոստիկանութիւնը Արարատի մայրուղիէն ձերբակալեց Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող շարք մը քաղաքացիներ:
Պռոշեան-Դեմիրջեան խաչմերուկէն, ուր կը գտնուին կառավարական ամարանոցները, ոստիկանները բռնի ուժով ձերբակալեցին նաեւ ՀՅԴի քանի մը անդամներ, որոնք փոխադրուեցան ոստիկանութեան Կեդրոնի, Կոմիտասի եւ Մալաթիայի բաժանմունքները։
«Նիկոլ Փաշինեան «թուրք», «դաւաճան» վանկարկումներուն տակ շրջանցեց կառավարական առանձնատան գլխաւոր մուտքը եւ այլ մուտքով ներխուժեց առանձնատունը:
Քաղաքացիները շարունակեցին մնալ կառավարական առանձնատան մուտքին մօտ եւ պահանջեցին Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը:
«Թերթ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամ Արթուր Խաչատրեան յայտնեց, որ Սիւնիքի մէջ Փաշինեան դիմաւորուեցաւ անկոչ հիւրի վայել. իշխանութիւնը պէտք է հասկնայ, որ ընելիք չունի ո՛չ միայն Սիւնիքի, այլ նաեւ ամբողջ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ։ «Կարծում էինք` գագաթնակէտը կը լինի Նոյեմբերի 9ի անձնատուոթեան պայմանագիրը, բայց դրանից յետոյ մենք տեսնում ենք` անկումը շարունակւում է, իսկ իրենք ամէն վայրկեան շարունակում են մնալ իշխանութեան եւ վտանգել Հանրապետութիւնը: Մեր միակ փրկութիւնը այս ամբողջ յանցակազմի հեռանալն է. նրանք պէտք է հասկանան` այլեւս անելիք չունեն, արդէն բաւ է», ըսաւ Խաչատրեան:
Ան անդրադարձաւ նաեւ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ սիւնեցիները սադրիչներ անուանելուն: «Սադրիչը սիւնեցիները չեն, սադրիչը գործող իշխանութիւնն է, այդ ողջ յանցախումբը, որը գնաց Սիւնիք` իմանալով, որ իրենց այնտեղ ոչ-ոք չի սպասում», նշեց Խաչատրեան։
Ուշ երեկոյեան, Սիւնիքի մարզի սահմանային հատուածին մէջ՝ Փահլասարի եւ Դիցմայրի ուղղութեամբ, հակառակորդը կրակ բացաւ: Այս մասին յայտնեց Կապանի քաղաքապետ Գէորգ Փարսեան, որ աւելցուց, թէ վերջին օրերուն յաճախակի կրակոցներ կ՛արձակուին, սակայն 21 Ապրիլինը աւելի երկար տեւեց։