ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Դարերու ընթացքին, հայ ժողովուրդը բազմազան առիթներով, իր պատմութեան էջերուն վրայ արձանագրած է տխուր եւ հպարտալի, ցաւալի, օրինակելի եւ յիշատակելի թուականներ, ու ամէն տարի արժանավայել կերպով մէկ առ մէկ ոգեկոչած է, պարտաճանաչ եւ յարգալիր:
Ու այդ տխուր անուանուած թուականներէն մէկուն մասին է մատնանշումս, որ այսօր բոլորիս հետ կը խօսի բարձրաձայն: Այս մէկը սովորական թուական մը չէ, այլ՝ դժոխային կեանքի եւ արդարութեան հեգնանքի թուական մը, որ հայու հոգիի փլատակներուն եւ սրտերուն տակ ամրօրէն եւ հաստատ պահ դրուած է եւ որ մինչեւ այսօր, մեծ վէրքի նման բացուած կը մնայ:
Նաեւ կրնամ ըսել, թէ այս թուականը, հակառակ անոր, որ ազգովին մեզի դէպի նոր խորհուրդ կ՛առաջնորդէ, միւս կողմէ ալ մեզի թէ՛ «կը փոթորկէ» եւ թէ «կ՛ալեկոծէ»: Ու հաստատօրէն այս թուականը, թէեւ մեր պատմութեան անցած է, սակայն երբեք անցեալ չէ դարձած:
Գիտենք, որ դար մը եւ աւելի առաջ, նոյն այս թուականն էր, որ հայոց երկինքը սեւով ներկած էր: Նաեւ գիտենք, որ այս օրերուն իր յիշատակումը վայրկեանին տեսակ մը թռիչք ու մտածում կը դառնայ, յաճախ խիտ, խորունկ, բարձր եւ թանձր:
Պէտք է ըսել, թէ յատկապէս անցնող տասնամեակներու ընթացքին, պատմական մեր բոլոր թուականներուն մէջ, այս թուականը ամէնէն շատ խօսուած ու յիշուածն է:
Ու անոր կրկնութիւնը երբեք չի խանգարեր, որ ուխտի եւ դրօշմի վերածուի մեր բոլորին կողմէ, անխտիր:
Նշած թուականիս յիշատակումի ընթացքին ազգովին ամէն տարի խոնարհաբար եւ աղօթքով նոր մոմ մը կը վառենք: Տակաւին այսքանով ալ չգոհանալով, ներքին եւ հրապարակային հանդիսութիւններ կը կազմակերպենք, եկեղեցական արարողութիւններու կողքին, քայլարշաւներ կը կատարենք: Իրեն նուիրուած յուշահամալիրներուն շուրջ հաւաքուելով, մեր յարգանքի տուրքը կը մատուցենք: Ճառեր կ՛արտասանենք: Անհամար ծաղիկներ կը նուիրենք, ու միեւնոյն ատեն, մէկ ու կէս միլիոն մեր անմեղ նահատակները յիշելով եւ արդարութիւն պահանջելով, կը նորոգենք մեր ուխտը:
Թուականի վերյիշումն ու կամ յիշատակումը նաեւ մեզի առիթ կը ստեղծէ, որ հայու հոգին նորէն դժուար պայքարի մէջ մտնէ եւ դարձեալ յիշէ դէպքեր, դէմքեր, հայոց դարերու պատմութեան հատորները լեցնող տողերով:
Մէկ խօսքով, այդ թուականը Մեծ Եղեռնի թուականն է: 24 Ապրիլ, 1915: Գուշակ ըլլալու պէտք չկար:
Այդ օր ազգովին դարձեալ մենք զմեզ կը փնտռենք աշխարհի մէջ: Մենք այդ օր, մեծ ու փոքր եւ առանց խտրութեան, մենք մեզի կը վերադառնանք: Որովհետեւ Մեծ Եղեռնի յիշատակումը, որ նաեւ Ցեղասպանութիւն ալ կը կոչուի, մեզի համար ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ ցեղ մը սրբելու տխուր թուական մը:
Հայուն համար այս թուականը մաշած գիրքի նման գրուած չէ: Մեծ տխրութիւն կայ անոր մէջ, որովհետեւ մեր Աստուածը, իր խաչին վրայ, կրկին խաչուած էր, ու ամբողջ աշխարհը մեր այս ողբերգութեան մասին թէեւ տեղեակ եղած էր, սակայն ինքզինք խուլ եւ կոյր ձեւացուցած էր:
Անոր համար, թէ՛ յուսախաբ եղած էինք եւ թէ՛ ալ կը ցաւէինք տարիներու չորութենէն, որովհետեւ մեր բոլոր բաղձանքներն ու ակնկալութիւնները յօդս ցնդած էին: Արդ, մենք մեզի յաճախ հարց կու տանք, թէ որքա՜ն պիտի դիմանանք ազգերու անտարբերութեան դիմաց:
Մեզի համար, մեր ժողովուրդին դէմ ահաւոր եւ անմարդկային այս ծրագրուածն ու կատարուածը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ, որուն օտարներու կողմէ ճանաչումը նոր էջ պէտք էր բանար մեր պատմութեան մէջ: Սպասեցինք՝ անոր միջազգային ճանաչման: Օտարներու դռները ծեծեցինք: Բացատրեցինք: Բողոքեցինք: Ցոյցեր եւ հանրահաւաքներ կազմակերպեցինք: Ու պատմութիւնը վկայ, շատեր ճանչցան մեր այս ողբերգութիւնը, իսկ ուրիշներ տակաւին «կը մտածեն»: Ուստի ստիպուած կը սպասենք «բարի լուրին»:
Ի տես կարգ մը երկիրներու կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման, միշտ երախտապարտօրէն ուրախացանք, խանդավառուեցանք: Հազար անգամ շնորհակալութիւն յայտնեցինք: Կարծեցինք, որ արդէն արդարութիւնը հասած է մեր ոտքերուն: Բայց այդպէս չէր եւ չեղաւ:
Այսպէս, անցեալ տարուան Արցախեան ծանր վերջին պատերազմին, մնացինք յուսախաբ: Այս նոյն Ցեղասպանութիւնը ճանչցող մեր հին ու նոր «բարեկամներ»էն կ՛ակնկալէինք դրական զօրակցութիւն, բայց՝ միայն խոստումներ լսեցինք: Բառակոյտեր: Անիմաստ եւ ձրի: Ու զգացինք, որ մենք խաբուած ազգ մըն էինք, որովհետեւ ո՛չ ծով ունէինք, եւ ոչ ալ՝ սեւ ոսկի կոչուած նաֆթ, որպէսզի մեր «բարեկամները» մեզմէ օգտուէին: Ուրեմն, ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել հայուն այս դաշտանկարը:
Ցեղասպանութիւնը ճանչցող երկիրները կը կարծէինք, որ մեր իսկական բարեկամներն էին: Ու կ՛ակնալէինք գոնէ…: Արդեօ՞ք իսկապէս բարեկամներ ունեցած էինք: Կրկին հաստատեցինք, թէ «ամէն բան, շահու վրայ հիմնուած է», չկան մշտական շահեր եւ նոյնպէս չկան մշտական բարեկամներ:
Անոր համար, անկախ այս բոլորէն, մեզի համար այս թուականը, նաեւ խորհրդածութեան թուական ըլլալով, ծնունդ կու տայ նման աճող մտահոգութիւններու ու բազմաթիւ անպատասխան հարցականներու:
Ցեղասպանութիւն: Արարք մը, որուն իբրեւ հետեւանք, հայը աշխարհի տարածքին դարձաւ
ցիրուցան: Աշխարհի աչքին առջեւ մեզ ազգովին կողոպտեցին: Բռնագրաւեցին մեր հողերը: Մեր տուներէն մեզ վռնտեցին: Իւրացուցին մեր բնակարաններն ու հաստատութիւններն ու կալուածները: Մեզ կոտորեցին ու անխնայ ջարդեցին: Սպաննուեցան բոլոր անոնք, որոնք հայրենի հողերը կը հերկէին, արօրը կը մղէին, թոնիրին շուրջ կը հաւաքուէին: Մնացեալին ծանօթ էք:
Ու հակառակ այս բոլորին, աշխարհը տակաւին մեղքի զգացումէն հեռու է:
Իսկ այսօր, իբրեւ ցեղասպանութիւն տեսած ժողովուրդ մենք, ի՞նչ կ՛ընենք: Այո՛, ճիշդ է, որ անկախ հայրենիք մը ունինք, սակայն նաեւ ճիշդ է, որ այսօրուայ մեր երկիրը իր շրջանին մէջ սեղմուած կ՛ապրի: Ազատօրէն շունչ չի կրնար առնել: Իբրեւ հայեր, կեանքի բեւեռներուն մէջ ճզմուած, խորունկ զգացումով եւ սակայն հայու հաւատքով կ՛ապրինք: Կը կրկնենք այն բառերը, որոնք դժուար կը մոռցուին: Դարձեալ զիրար չենք հասկնար: Նետած ենք մեր մտքի ուռկանը: Մեր խիղճը թմրած կ՛երեւի: Մեր հոգին կոյր ատելութեան զոհը դարձած է:
Ու նման անբնական կացութեան մը միակ ելքը, եւ կամ գերագոյն լուծումը՝ ձգտիլ է մեր միաբանութեան: Միասնութեան: Որովհետեւ տեսանելի ու լսելի է, թէ տակաւին մաղձոտ շատախօսութիւն դուրս կու գայ մեր բերաններէն: Հայ իրականութեան մէջ յարատեւ տագնապի երգը լսելի է: Վայրկեանի մը համար մէկդի դնենք ամէն տարակարծութիւն եւ տէրն ու տիրականը ըլլանք մեր մտքերուն եւ մտածենք, թէ ինչո՞ւ ցարդ աշխարհի արդարութիւնը լուռ է: Փորձենք միասնաբար աշխարհին ցոյց տալ, որ մենք տակաւին ողջ ենք: Ազատ հայրենիք ունինք: Վերջ ի վերջոյ հայոց պատմութեան ձայնը լսելի դարձնենք ու այս երկրագունդի ժողովուրդներուն ըսենք.
– Հէ՜յ, զգոյշ եղէ՛ք, մեր մեռելներու սարսափելի լռութենէն…մե՛նք տակաւին կանք…:
Հաստատապէս մեր ժողովուրդը ծարաւ է յոյսի եւ լոյսի, որովհետեւ մեր մօտ տակաւին հայրենի հողի ջերմութիւնը կայ, մնացած է, չէ խամրած: Այն հողին, որ խլուեցաւ մեզմէ: Մեր պահանջը միայն ճանաչումը չէ, այլ՝ պահանջատիրութիւն եւ անոր գործընթացը: Ալ յոյս չմուրանք:
Ճիշդ է, որ հայ ըլլալը հեշտ չէ, բայց ցոյց տանք աշխարհին, թէ հայը այս անիրաւութեան եւ անարդարութեան դէմ տակաւին ընդվզումով կը բողոքէ, որովհետեւ ոճրագործը անպատիժ կ՛ապրի: Մեզի կը մնայ ողջմտութիւնը ունենալ պարզ իրականութիւնը հաշուի առնել, դատելու եւ կշռելու մեր գործածած բառերն ու միջոցները:
Ահա աւանդն ու պատգամը՝ հայօրէն ապրելու գիտակցութիւնը եւ կամքը, դարերու մեր իրաւունքներուն տէր կանգնիլը: Որովհետեւ չենք հաշտուած թուականի հետ:
Հայուն համար այս թուականը, հաւատքի ակ ալ է, տոկալու եւ վերապրելու: Ո՛չ ոք մեզի պէս չէ տքնած: Ո՛չ ոք կրնայ լռեցնել ցեղին ձայնը: Մեր պայքարի զէնքը մեր ոգին է եւ ապրելու կամքը: Գիտակցինք: Մնանք ուխտաւոր պահանջատէր: Նոր մարդու թափով ապրինք, որուն մէջ ներկայ է հայ մարդուն եւ իր ազգին բոլոր գլխաւոր ձգտումները:
Վերագտնենք այս աշխարհի վրայ հայօրէն ապրելու հպարտութիւնը: