ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 25 Ապրիլին հրաժարեցաւ՝ Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններուն ընդառաջ: Փաշինեան յիշեցուց, որ 18 Մարտին Հանրապետութեան նախագահին եւ խորհրդարանական խմբակցութիւններու ղեկավարներուն հետ քննարկումներու լոյսին տակ յայտարարեց 20 Յունիսին Հայաստանի մէջ արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններ կայացնելու որոշման մասին:
Հայաստանի գործող Սահմանադրութեամբ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացումը կարեւոր է այն պարագային, երբ վարչապետը հրաժարական կու տայ, եւ խորհրդարանը 2 անգամ վարչապետ չ՛ընտրեր: Անկէ ետք, Ազգային ժողովը իրաւունքի ուժով կը նկատուի արձակուած, եւ տեղի կ՛ունենան արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ:
Աւելի ուշ արդէն նախագահ Արմէն Սարգսեան ստորագրեց հրամանագիր մը` ընդունելով կառավարութեան հրաժարականը:
Անկէ ետք խորհրդարանի նախագահ Արարատ Միրզոյեան յայտնեց, որ վարչապետի ընտրութեան հարցը պիտի քննարկուի 3 Մայիսին` իրաւունքի ուժով գումարուող Ազգային ժողովի յատուկ նիստին:
Հայաստանի Ազգային ժողովի «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը յայտարարեց, որ Հայաստանի խորհրդարանը արձակելու եւ Յունիսին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ կայացնելու համար վարչապետի պաշտօնին համար կ՛առաջադրէ Նիկոլ Փաշինեանին թեկնածութիւնը:
Միւս կողմէ, Հայաստանի խորհրդարանի նախագահ Արարատ Միրզոյեան 26 Ապրիլին ստորագրեց 1 Ապրիլին գումարուած Ազգային ժողովի արտահերթ նիստին ընդունուած «Հայաստանի ընտրական օրէնսգիրք» սահմանադրական օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասինէ օրէնքը, որմով վերցուեցաւ վարկանշային ընտրակարգը։