ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Արաւուսի հովիւը Ատրպէյճանի զինուորներուն կողմէ քաշքշելու եւ հարուածելու յանցաւոր ոտնձգութիւնը կը հաստատէ Սիւնիքի շուրջ անվտանգութեան գօտիի հրատապ անհրաժեշտութիւնը։ 27 Ապրիլին այս մասին յայտարարեց Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան:
Ան յայտնեց, որ աշխատակազմին ահազանգ ներկայացուցած է հովիւը եւ տեղեկացուցած, որ 18 Ապրիլին իր տունէն շուրջ 500 մեթր հեռաւորութեան արօտավայրին մէջ 14 մեծ եւ փոքր եղջերաւոր կենդանիներ արածելու գացած է, եւ երբ կը գտնուէր ատրպէյճանական դիրքէն շուրջ 50 մեթր հեռաւորութեան վրայ՝ դէպի Արաւուս գիւղ յարած տարածքին մէջ, իրեն մօտեցած են ատրպէյճանցի 3 զինուած ծառայողներ:
Ըստ հովիւին` ատրպէյճանցի զինուորները սկիզբը զէնքի ցուցադրութեամբ սպառնացած են իրեն, իսկ այնուհետեւ` անոնցմէ երկուքը քաշքշած են զինք ու փորձած հարկադրաբար տեղափոխել ատրպէյճանական կողմին գտնուած դիրքին ուղղութեամբ` դէպի խրամատ: Ամբողջ ժամանակը ատրպէյճանցի զինուորականները անընդհատ հայհոյած ու սպառնացած են հովիւին:
Այնուհետեւ, երբ տեսած են, որ հովիւին օգնութեան կը շտապեն Հայաստանի զինուած ուժերու ծառայողներ, ատրպէյճանցի զինուորականներէն երրորդը հարուածած է հովիւին աչքին` վնասելով անոր, ու անմիջապէս հեռացած են դէպի իրենց դիրքը:
Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմի փաստահաւաք աշխատանքներուն ընթացքին յստակացած է նաեւ, որ ատրպէյճանցի զինուորականները Արաւուս գիւղի նոյն հովիւին նշուած վայրին մէջ գոռգոռոցներով հայհոյանքներ ուղղած են նաեւ 20 Ապրիլին` սպառնալիքներ ուղղելով հրազէնի բացայայտ ցուցադրութեամբ:
Պաշտպանի աշխատակազմը արձանագրած է նաեւ միջադէպին վերաբերեալ Արաւուս գիւղի ղեկավարին ահազանգին՝ լրատուամիջոցներուն տրուած:
Արաւուս գիւղի ղեկավարը Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմին տեղեկացուցած է, որ գիւղի շարք մը բնակիչներու տուներ ատրպէյճանական դիրքերէն նոյնիսկ 500 մեթրէն ալ քիչ հեռաւորութեան վրայ են (օրինակ`100 կամ 200 մեթր):
Թաթոյեան արձանագրեց, որ ատրպէյճանցիներուն կատարածը յանցագործ ոտնձգութիւն է Հայաստանի սահմանային բնակիչին նկատմամբ: «Տեղի ունեցածն ակնյայտօրէն հաստատում է ՀՀ քաղաքացիների` Սահմանադրութեամբ եւ միջազգայնօրէն երաշխաւորուած իրաւունքների կոպիտ խախտումները: Խօսքը վերաբերում է մարդկանց կեանքի, ֆիզիքական եւ հոգեկան անձեռնմխելիութեան, սեփականութեան եւ կենսական կարեւորութեան այլ իրաւունքների մասին, իսկ կեանքի իրաւունքի դէպքում` խախտման իրական վտանգի մասին», հաստատեց Թաթոյեան` ընդգծելով. «Այս միջադէպերն ակնյայտ հիմնաւորում են ՀՀ մարդու իրաւունքների պաշտպանի առաջարկն այն մասին, որ ՀՀ քաղաքացիների իրաւունքները երաշխաւորելու նպատակով Սիւնիքի մարզի շուրջ պէտք է հրատապ ստեղծուի անվտանգութեան գօտի»:
Պաշտպանը պնդեց, որ Սիւնիքի մարզի գիւղերուն դրացնութեամբ եւ համայնքները միաւորող ճամբաներուն վրայ ատրպէյճանական զինուորականներ, ցուցանակներ ու դրօշներ պէտք չէ ըլլան:
Այս միջադէպին մասին տեղեկութիւնները Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը առանձին թղթածրարով պիտի ուղարկէ նաեւ միջազգային համապատասխան կառոյցներուն: