ՊԸՐՊԵՆՔ․- Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման, ինչպէս նաեւ նախագահ Պայտընի կողմէ Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու քայլը դրուատելու համար, քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ 24 Ապրիլին հաւաք մը կազմակերպած էր Պըրպենքի քաղաքապետարանին առջեւ։
Ներկայացուցիչներու տան կողմէ 2019ին հաստատուած Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի հեղինակներէն մէկը հանդիսացող Շիֆ ողջունեց Պայտընի քայլը։
Հաւաքին ներկայ էին նաեւ քոնկրեսականներ Ճուտի Չու, Թոնի Քարտենաս եւ Ճիմի Կոմեզ, որոնք նեցուկ կանգնած էին Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին։ Անոնք նմանապէս դրուատեցին Պայտընի յայտարարութիւնը եւ շեշտեցին Հայաստանի եւ Արցախի ի նպաստ քայլեր առնելու կարեւորութիւնը։
Ելոյթներ ունեցան նաեւ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանական Լօրա Ֆրիտմըն, Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Քեթրին Պարկըր, Պըրպենքի քաղաքապետ Պապ Ֆրութոս, Պըրպենքի ուսումնական վարչութեան անդամ դոկտ․ Արմոնտ Աղախանեան եւ ուրիշներ։
Քոնկրեսական Շիֆ բեմ հրաւիրեց նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեանը, որ համայնքին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Պայտընի եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարին մէջ ներդրում ունեցած քաղաքացիներուն, գործիչներուն եւ քաղաքական անձնաւորութիւններուն, յատկապէս Շիֆին, որ վերջին երկու տասնամեակներուն պայքարած էր այս նպատակին հասնելու համար։ Ելոյթը ամբողջութեամբ կարդալու համար այցելել կայքէջը։