ՊՈԼԻՍ․- Ընդդիմադիր Հանրապետական կուսակցութիւնը յամառօրէն կը շարունակէ հարցնել՝ «Ո՞ւր է 128 միլիառ տոլարը»։ Հարցում մը, որ օրըստօրէ աւելի յաճախ կը կրկնուի երկրի քաղաքական միջավայրին մէջ եւ հետզհետէ աւելի մեծ գլխացաւ կը դառնայ Էրտողանի իշխանութեան համար։ Այս հարցումը իշխանութեան ենթակայ արդարադատական համակարգին մօտ կը դիտուի՝ իբրեւ անարգանք երկրի նախագահի հասցէին։ Զանազան քաղաքներու մէջ դատախազներ «նախագահը անարգել»ու մեղադրանքով արգիլած են ընդդիմադիր կուսակցութեան այս հարցումը կատարող որմազդները։
Ակնարկուածը Կեդրոնական դրամատան պահեստէն շոգիացած հսկայ գումարն է, որուն մասին համոզիչ բացատրութիւնը ցարդ չէ տրուած։
Նիւթը օրակարգի եկաւ նախագահ Էրտողանի փեսային, պետական գանձի նախկին նախարար Պերաթ Ալպայրաքի յանկարծակի հրաժարականով, որմէ ետք Էրտողան պաշտօնազրկեց Կեդրոնական դրամատան վարիչը եւ անոր տեղակալը։
Երկրին մէջ տիրող այս տեսակի զեղծարարութեան օրակարգին վրայ կու գայ աւելնալու Ամերիկայի մէջ «Հալքպանք»ի դէմ բացուած դատավարութեան նոր փուլը, որ կրնայ աւելի մեծ գլխացաւ պատճառելու Թուրքիոյ իշխանութեան։