Արժանթինի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 8րդ հանգրուանի մէկ մրցումին, «Տեփորթիւօ Արմէնիօ»ի ֆութպոլիստները «Քոլեխիալես»ի դէմ իրենց մրցումը կատարեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 106րդ տարելիցին նուիրուած շապիկներ հագած:
Մարզաշապիկներուն վրայ զետեղուած էին Հայաստանի դրօշակին գոյներով բռունցք, Հայոց Ցեղասպանութիւնը խորհրդանշող անմոռուկ եւ 106 թիւը:
Ֆութպոլիստներու անուններուն փոխարէն գրուած էր «Արմ1նիա», իսկ թիւէն վար՝ Հայաստանի եւ Արցախի քարտէսը:
Այս մրցումը աւարտեցաւ «Տեփորթիւօ»ի յաղթանակով՝ 1-0 արդիւնքով: