ԵՐԵՒԱՆ.- Լոյս տեսաւ «Դրօշակ» մատենաշարի թիւ 2 հատորը՝ «1921թ. Փետրուարեան Հակաբոլշեւիկեան Ապստամբութիւնը Հայաստանում»ը, որուն մէջ կը ներկայացուին եւ վերլուծութեան կ՛ենթարկուին 1921ի Փետրուարեան ապստամբութեան պատճառները, ընթացքը եւ հետեւանքները:
Ըստ Խաչատուր Ստեփանեանի՝ բազմաշերտ անդրադարձ կատարուած է հարցին շուրջ գոյութիւն ունեցող պատմագիտական եւ հասարակական-քաղաքական միտքի ներկայացուցիչներու տեսակէտներուն:
«Լուսակն» հրատարակչատան հրապարակած 172 էջնոց հատորին խմբագիրն է՝ դոկտ․ Ամատունի Վիրաբեան։
Գործը նախատեսուած է պատմաբաններու, հասարակագէտներու, քաղաքագէտներու եւ ընթերցող լայն հանրութեան համար եւ տրամադրելի է առցանց՝ կայքէջին միջոցաւ։