Պոլսոյ «Արաս» հրատարակչատունէն լոյս տեսաւ «Լեռ Կամսար․ Մարդը Գործին Մէջէն» գիրքը, խմբագրութեամբ՝ Յարութիւն Քիւրքճեանի։
Խորհրդային վարչակարգի փլուզումէն ու Հայաստանի անկախութենէն ետք, շնորհիւ Լեռ Կամսարի ժառանգորդներուն, գրագէտին անտիպ գործերը լոյս լոյս տեսնելու սկսան՝ բացայայտելով մինչ այդ ծածուկ մնացած անսովոր աշխարհ մը։ Կամսարի գրական ժառանգութիւնը կարեւոր է անցեալին հետ առերեսուելու ու զայն դարձեալ գնահատելու առումով։ Հատընտիր այս հատորը, որ այս գիրքով կը դրուի ընթերցողի սեղանին՝ բաղկացած է հեղինակին օրագրութենէն, թատերական գործերէն, երգիծական գրութիւններէն, որոնք կ՛ամբողջացնեն Լեռ Կամսարի դիմանկարը՝ դառնալով անզուգական աղբիւր մը աւելի լաւ հասկնալու Խորհրդային Հայաստանը։
Լեռ Կամսար՝ բուն անունով Արամ Թովմաղեան, ծնած է 1888ին, Վան, ուր իր կրթութիւնը ստացած է Ամերիկեան վարժարանին մէջ։ Վաղարշապատի Գէորգեան ճեմարանին մէջ ուսանելէ ետք վերադարձած է ծննդավայր։ Ուսուցչութիւն կատարած է Վանի ու Աղթամարի մէջ, եղած է դերասան։ 1915էն ետք անցած է Երեւան։ Գրողի իր կենսագրութիւնը, որ սկսած էր Վանի մէջ, կը շարունակուի նաեւ այստեղ, ուր իր երգիծական ակնարկները կը հրատարակուէին յառաջատար թերթերու մէջ, սակայն 1935-1955 թուականներուն մեծ մասը կ՛անցընէ Խորհրդային Միութեան բանտերուն մէջ։ 1955ին վերադարձաւ Երեւան, ուր ալ կնքեց իր մահկանացուն 1965ին։
Հակառակ բեղուն արձակագիր մը ըլլալուն, իր գործերուն մեծ մասը ոչնչացած է աքսորի ճամբաներուն վրայ կամ վարչակարգին կողմէ։ Այդ դաժան տարիներուն, գզրոցներու մէջ մնացած գրուածքները այսօր լոյս կը տեսնեն թոռնուհիին՝ Վանուհի Թովմասեանի, ջանքերով։ Մարտ 2021ին տպուած այս գիրքը կը բաղկանայ 480 էջերէ, իսկ կողքին ձեւաւորումը կատարած է Մելիսա Արսէնեան։
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար այցելել www.arasyayincilik.com կայքը կամ դիմել info@arasyayincilik.com հասցէին։