Փասատինա քաղաքի Պլեր վարժարանի (Blair High School) մէջ այս տարի գործել սկսած Հայկական Ճեմարանը ծառատունկով մը կը տօնէ իր ուսումնական անդրանիկ տարուան աւարտը:
Վարժարանը որոշած է ATP (Armenia Tree Project) կազմակերպութեան համագործակցութեամբ՝ իւրաքանչիւր 50 աշակերտի անունով ծառ մը տնկել Հայաստանի Աշտարակ քաղաքին մէջ: Այդ ծառերը մաս պիտի կազմեն նոյն կազմակերպութեան կողմէ հիմնուած սփիւռքահայ վարժարաններու յատուկ անտառին:
Հարցումին, թէ Ճեմարանը ինչո՛ւ որոշած է Հայաստանի մէջ ծառատունկ կատարել՝ նորաստեղծ վարժարանի վարիչ Նորայր Տատուրեան այսպէս արտայայտուեցաւ. «Այդ յիսուն ծառերը խորհրդանշական են: Ծառը կը ներշնչէ բարձր գաղափարներ, ինչպէս՝ յաւերժութիւն, հողի եւ մարդու կապը, համեստօրէն ծառայել, պտղատու ըլլալ… Այս ծրագրին շնորհիւ մեր աշակերտները արմատ կը դնեն հայրենի հողին մէջ: Մեր նպատակն է՝ Սփիւռք-Հայաստան կապը ամուր եւ մնայուն պահել ու այդ ուղղութեամբ դաստիարակել հայրենանուէր սերունդներ»:
Աշակերտները ծառատունկի իբրեւ յիշատակ՝ կը ստանան ATP-ի կողմէ պատրաստուած գեղատիպ շնորհակալագիր եւ շապիկ մը:
Վարժարանին՝ Հայաստան-Փասատինա կապերու մէկ այլ դրսեւորումն էր Երեւանի «Գաֆէսճեան» արուեստի կեդրոնին հետ սկսած ուսումնական կապը: Աշակերնտերը հեռակայ դրութեամբ հետեւեցան կեդրոնին կողմէ պատրաստուած բազմաթիւ կրթական ծրագիրներու, ինչպէս՝ «Հայկական պետական նշաններ», «Դիմակը պատմութեան մէջ», «Հայկական թռչնագիրը», եւ այլն: Դասընթացքները ներկայացուց կեդրոնի կրթութեան գծով տնօրէն Լիզա Շիրինեան:
Հայկական Ճեմարանը կը գործէ Փասատինայի միացեալ կրթաշրջանի (PUSD) երդիքին եւ հովանաւորութեան տակ: Իբրեւ պետական վարժարան (6-12 րդ դասարաններ)՝ անիկա անվճար հայեցի դաստիարակութիւն կը մատուցէ թէ՛ Փասատինայի եւ թէ յարակից քաղաքներու հայորդիներուն: Ճեմարանը ունի վարկաւորուած (accredited) ամբողջական հայկական ծրագիր եւ ունի հայերէնի բոլոր մակարդակներուն համար դասարաններ: Արձանագրուելու կամ այլ տեղեկութիւններ ստանալու համար հեռաձայնել Թալին Նազարեանին՝ (626) 396 5820 (ext. 80124) թիւով: