ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ»․- Լիբանանի նախագահ Միշէլ Աուն 3 Մայիսի երեկոյեան նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապը, որուն հետ քննարկեց տնտեսական տագնապին դէմ դնելու համար, քաղաքացիներուն աջակցելու կարելիութիւնները:
Տիապ Պաապտայէն մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու, սակայն ան հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ 750 հազար լիբանանցի ընտանիքներու տրամադրուելիք յատկացումներու քարտին ծախսը շուրջ մէկ միլիառ տոլար պիտի ըլլայ: Ան նշեց, որ յատկացումներու քարտը ընտանիքներուն պիտի տրամադրէ 2էն 3 միլիոն լիբանանեան ոսկիի միջեւ տարուբերող գումարներ, ըստ ընտանիքի անդամներու թիւին եւ կարիքներուն:
Նշենք, որ առաւօտեան Աուն նախագահեց հարաւային Լիբանանի ծովային սահմանագծումի մանրամասնութիւնները քննարկելու նիստի մը` սահմանագծումի բանակցութիւններուն մասնակցող լիբանանեան խորհուրդի անդամներուն հետ:
Մամլոյ ազատութեան միջազգային օրուան առիթով, նախագահ Աուն ողջունեց լրագրողները` կոչ ուղղելով, որ տեղեկատուութիւնը ըլլայ իրաւունքի ձայնը, իսկ տեղեկատուութեան մարզին մէջ օգտագործուած բառերը դառնան փտածութիւնը եւ արժեզրկումը հարուածող սուրեր:
Միւս կողմէ, Աշխատաւորներու տօնին առիթով նախագահ Աուն յայտնեց, որ իրեն համար առաջնահերթութիւն է շարունակել ճիգերը` իրականացնելու համար բարեկարգումը եւ ապահովելու համար աշխատաւորներուն իրաւունքները:
Իր կարգին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շնորհաւորեց լիբանանցի աշխատաւորները` մաղթելով, որ բոլորը իսկապէս նեցուկ կանգնին աշխատաւորներուն:
Մինչ լիբանանցի ղեկավարներ կը կատարեն այս յայտարարութիւնները, Լիբանան եւ լիբանանցիները կը շարունակեն մնալ մութ փապուղիի մը մէջ. տնտեսական տագնապը կը շարունակէ յամենալ. քաղաքացիները ամէն իմաստով անորոշութեան ենթարկուած են` իրենց սեփական գումարներուն ճակատագիրին մասին տեղեկութիւններ ունենալու, օրուան ապրուստը ապահովելու եւ երկրին մէջ իրենց կեանքը շարունակելու իմաստով:
Պէտք է աւելցնել նաեւ, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն եւ այդ ժահրին պատճառած մահուան պարագաներուն համեմատութիւնը նուազած է եւ երկրին մէջ «Քորոնա» համաճարակին արձանագրուած բարելաւումը զգալի է: