Գանատական Poètes de Brousse հրատարակչատան կողմէ ֆրանսերէնով լոյս տեսաւ գանատահայ Աստղիկ Աբրահամեանի «Սեւ Սարեր» վէպը։ Աբրահամեանի առաջին վէպը կը պատմէ 1989ին Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք Կովկասի մէջ բռնկած ազգամիջեան հակամարտութիւններու ընթացքին հայ բժշկուհի Մարկոյի պատմութեան, որ Մոսկուայէն կը վերադառնայ հայրենիք եւ իբրեւ մասնագէտ բժիշկ՝ կը մասնակցի Արցախեան ազատագրական պայքարին։
Աստղիկ Աբրահամեան ծնած է է Երեւան. փոքր տարիքին ընտանիքին հետ հաստատուած է Մոնթրէալ, Գանատա: Ան ուսուցիչ եւ թարգմանիչ է ու ունի գրական թարգմանութեան մագիստրոսի կոչում: Աստղիկը «Հորիզոն» շաբաթաթերթին աշխատակից է։