ՄՈՆԹՐԷԱԼ.- Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Գանատայի խորհրդարանի անդամներ Մայքըլ Չոնկ եւ Նիքի Աշթըն, ինչպէս նաեւ ծերակուտական Լիօ Հուսաքոս դատապարտեցին Սիւնիքի սահմանգծին վրայ իրականացուող ատրպէյճանական կամայական սահմանախախտման բռնարարքները:
Ընդդիմադիր Պահպանողական կուսակցութեան անդամ Մաիքըլ Չոնկ կոչ ուղղեց Գանատայի կառավարութեան՝ դիրքորոշուելու ի նպաստ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան պաշտպանութեան:
Նոր Դեմոկրատատական կուսակցութեան անդամ Նիքի Աշթըն նոյնպէս կոչ ուղղեց Գանատայի կառավարութեան, որ դատապարտէ Հայաստանի սահմանագիծին վրայ թրքական աջակցութեամբ՝ ատրպէյճանական սահմանախախտումի արարքները՝ իբրեւ միջազգային օրէնքները խախտող արարք:
Գանատայի Ծերակոյտի անդամ Լիօ Հուսաքոս իր կարգին յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի տարածքի ոտնահարումը վտանգաւոր եւ անօրինական նախայարձակում է:

Միւս կողմէ, Գանատայի խորհրդարանի անդամ եւ Գանատա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան նախագահ Պրայըն Մէյ ընկերային ցանցերու վրայ յատուկ գրառումով դատապարտեց Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք ատրպէյճանական զինուած ուժերու ներխուժման արարքները՝ հաստատելով, որ նման գործողութիւններ կրնան լարուածութեան խթանման պատճառ հանդիսանալ եւ վտանգել խաղաղութեան:
Ազատական կուսակցութեան խորհրդարանի անդամ Աննի Քութրաքիս այս առթիւ հրապարակեց պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը եւ խստօրէն դատապարտեց Ատրպէյճանի նախայարձակ վարքագիծը: «Ատրպէյճան պէտք է յարգէ Հայաստանի տարածքային անձեռնմխելիութիւնը եւ անյապաղ դուրս բերէ իր ուժերը», կ՛ըսուի Քութրաքիսի հաղորդագրութեան մէջ: