ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
«Հայկ Նագգաշեան գրական գնահատանք» հիմնադրամի գնահատիչ մարմինը 25 Ապրիլ 2021ի իր նիստին ամփոփեց 2019ին տպագրուած եւ հիմնադրամին ներկայացուած գիրքերու համար յայտարարուած մրցոյթի արդիւնքը: Մրցանակի արժանացաւ Յովհաննէս Թաքուկեանի «Սովորական Սենտիմենտալ Պատմութիւն» գիրքը:
Միաժամանակ, նկատի ունենալով «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով ստեղծուած պայմանները` հիմնադրամը կը յայտնէ, որ հետաքրքրուած հեղինակներէն կ՛ընդունին 2020-2021 ժամանակաշրջանին տպագրուած գեղարուեստական գիրքեր: Վերատպութիւնները քննութեան պիտի չառնուին: Նոր` չորրորդ մրցոյթի արդիւնքը պիտի ամփոփուի 2022ին:
Կը խնդրուի գիրքերէն երեքական օրինակներ մինչեւ 31 Դեկտեմբեր առաքել հետեւեալ հասցէներուն.
Sossie Naccashian
11848 Rue Filion,
Montreal, Quebec, H4J 1T3
CANADA
E-mail: n.sossie@yahoo.ca
Սուրէն Դանիէլեան
00070 ՀՀ ք. Երեւան, Ալեք Մանուկեան 13
«Սփիւռք» Գիտաուսումնական Կենտրոն
e-mail: spyurksd1948@gmail.com
տեղեկատու հեռ. +37493/716.421 (նաեւ` WhatsApp, Viber)