
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ կնոջ, մօր, մեծ մօր, քրոջ եւ հարազատին՝ Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեանի անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ Չորեքշաբթի, 19 Մայիս 2021ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Չորեքշաբթի, 2 Յունիս 2021ին, առաւօտեան ժամը 10:30ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, 500 S. Central Ave., ապա թաղումը՝ Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Ամուսինը՝ Մհեր Տէր Յովհաննէսեան
Զաւակը՝ Արի եւ Լուսինէ Տէր Յովհաննէսեան եւ դուստրը՝ Մանէ
Զաւակը՝ Սարօ եւ Թրիսա Տէր Յովհաննէսեան եւ դուստրերը՝ Ալիք եւ Արեւ
Եղբայրը՝ Հրայր եւ Լուսի Սապունճեան եւ զաւակները՝ Յասմիկ եւ Վազրիկ եւ իրենց ընտանիքները
Եղբայրը՝ Ժիրայր Սապունճեան եւ զաւակները՝ Դալար, Լարա եւ Քէլի եւ իրենց ընտանիքները
Հանգուցեալ հօրեղբօր կինը՝ Ազնիւ Սապունճեան
Տալը՝ Նովա եւ Կարպիս Հինտոյեան եւ զաւակները՝ Թալին, Անդրէաս եւ Նանոր
Տագրը՝ Շահան եւ Անի Տէր Յովհաննէսեան եւ զաւակները՝ Շանթ եւ Անտրու
Խնամին՝ Մասիս եւ Մանուշ Ղեւոնդեան եւ ընտանիք
Խնամին՝ Արթիւր եւ Կարինէ Սիմոնեան եւ դուստրը (Հայաստան)
Եւ համայն Տէր Յովհաննէսեան, Սապունճեան, Աւետեան, Չըչեան, Գրիգորեան, Ադամեան, Մարգարեան, Ատուրեան, Պաղպուտարեան, Հինտոյեան, Եսայեան, Դերձակեան, Լէփէճեան, Գորթոշեան, Գոճապապեան, Սեդրակեան, Խաչատրեան եւ Էսկիճեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները։
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Ազգային Առաջնորդարանի նոր հաստատուած «Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան» ֆոնտին (checks payable to Western Prelacy)։
Թաղման արարողութենէն ետք, հանգուցեալի ընտանիքը կը հրաւիրէ ձեզ ոգեկոչելու Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեանի կեանքը Հոլիվուտի «Դաղլեան» սրահին մէջ, 1201 N. Vine St., Hollywood:
ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆՆԵՐ
ՍԱԹԻԿ ՏԷՐ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆի՝ Թեմիս երկար տարիներու բարերարուհիին մահուան տխուր առիթով, Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Կրօնական ժողովն ու Ազգային վարչութիւնը խորին ցաւակցութիւն կը յայտնեն հանգուցեալի ամուսնոյն՝ Ազգային Վարչութեանս փոխ-ատենապետ ու բազմավաստակ անդամ, բարերար ու նախկին երեսփոխան Մհեր Տէր Յովհաննէսեանին, զաւակներուն՝ Արիին, Սարոյին ու իրենց ընտանիքներուն, թոռներուն, հարազատներուն եւ բարեկամներուն։
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
***
ՍԱԹԻԿ ՏԷՐ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀՅԴի Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի ամուսնոյն՝ Մհեր Տէր Յովհաննէսեանին, զաւակներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
***
ՍԱԹԻԿ ՏԷՐ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, Հայ Մշակութային Հիմնարկութիւնը իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի ամուսնոյն՝ Մհեր Տէր Յովհաննէսեանին, զաւակներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
***
ՍԱԹԻԿ ՏԷՐ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւները, երեսփոխանական կազմը, հոգաբարձութիւնը, Տիկնանց միութիւնն ու յարակից բոլոր մարմինները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի ամուսնոյն, եկեղեցւոյս նախկին երեսփոխանական անդամ՝ Մհեր Տէր Յովհաննէսեանին, զաւակներուն եւ ընտանեկան պարագաներուն:
Թող Բարձրեալն Աստուած երկնային արքայութեան արժանացնէ հանգուցեալի հոգին եւ ընտանեկան պարագաներուն պարգեւէ Ս. Հոգւոյ անսպառ մխիթարութիւն:
***
ՍԱԹԻԿ ՏԷՐ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀՕՄի Քրեսենթա Հովիտի «Թալին» մասնաճիւղի վարչութիւնը եւ անդամուհիները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի ամուսնոյն՝ Մհեր Տէր Յովհաննէսեանին, զաւակներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
***
ՍԱԹԻԿ ՏԷՐ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀՕՄի Կելտնէյլի «Սիփան» մասնաճիւղի վարչութիւնը եւ անդամուհիները իրնեց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի ամուսնոյն՝ Մհեր Տէր Յովհաննէսեանին, զաւակներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
***
ՍԱԹԻԿ ՏԷՐ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, «Ասպարէզ»ի խմբագրութիւնն ու անձնակամնը իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի ամուսնոյն՝ Մհեր Տէր Յովհաննէսեանին, զաւակներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
***
ՍԱԹԻԿ ՏԷՐ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆի՝ Հալէպի Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանականներու Լոս Անճելըսի ընկերակցութեան հիմնադիրին եւ նախկին վարչականին, մահուան տխուր առիթով, Հալէպի Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանականներու Լոս Անճելըսի ընկերակցութիւնը իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի ամուսնոյն՝ նաեւ ընկերակցութեան հիմնադիրներէն եւ նախկին վարչականներէն Մհեր Տէր Յովհաննէսեանին, զաւակներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
***
ՍԱԹԻԿ ՏԷՐ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆի՝ ՀՕՄի տարիներու բարերարուհիին, մահուան տխուր առիթով, ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը, ընկերային ծառայութիւններու եւ հոգեբանական գրասենեակներու տնօրէնութիւններն ու պաշտօնէութիւնները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի ամուսնոյն՝ Մհեր Տէր Յովհաննէսեանին, զաւակներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։