ԱԹԷՆՔ, «Ազատ Օր».- Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին, յոյն երեսփոխան Սթելիոս Քիմպուրոփուլոս Ատրպէյճանէն պահանջեց հայ ռազմագերիներ անմիջական վերադարձնել՝ միջազգային կանոններուն հիման վրայ։
«2020ի ընթացքին, Ատրպէյճանի պատճառով կանգ առաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի խաղաղ լուծման համար ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի երկխօսութեան ընթացքը։ Պատերազմի հրահրումը պատճառ դարձաւ համատարած բռնութեան ծաւալումին, որուն զոհ գացին բազմաթիւ քաղաքացիներ, նաեւ՝ մասնակցութեամբ իսլամ վարձկաններու, որոնք ղրկուեցան Թուրքիոյ անմիջական օգնութեամբ», հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ, կը նշէ յոյն եսփոխանը։
Երեսփոխանը կը շեշտէ, որ հրադադարը յատկանշուեցաւ հայ ռազմագերիներու նուաստացումով եւ մինչեւ այսօր բազմաթիւ արգելքներ դրուած են անոնց վերադարձին առջեւ։ Նաեւ, մեծ թիւով հայկական մշակութային եւ կրօնական կոթողներ ոչնչացած են ատրպէյճանցիներու գրաւումին տակ գտնուող տարածքներուն մէջ։ «Եւրոպական Միութիւնը բացարձակապէս անպատրաստ գտնուեցաւ հակազդելու Թուրքիոյ ու իր դաշնակիցներուն նորօսմանական նկրտումներուն», կ՛ըսէ Քիմպուրոփուլոս՝ աւելցնելով. «Եւրոպական Միութիւնը պարտաւոր է գէթ հիմա ցոյց տալ իր վճռականութիւնը, յաջողցնելով հայ գերիներուն շուտափոյթ վերադարձը»։