ՀԲԸՄի նախաձեռնութեամբ՝ հայ բեմադրիչներու կարճատեւ ֆիլմերու նուիրուած փառատօն մը տեղի պիտի ունենայ 18 Նոյեմբերին, Նիւ Եորքի հռչակաւոր «Լինքըն» կեդրոնին մէջ։
Կազմակերպիչները կը տեղեկացնեն, թէ մասնակցիլ փափաքողները պէտք է իրենց առաւելագոյնը 20 վայրկեաննոց ֆիլմերը ներկայացնեն մինչեւ 7 Սեպտեմբեր։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել performingarts@agbu.org հասցէին։