ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամմետ Ճաւատ Զարիֆ 25 Մայիսին Պաքուի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին քննարկեցին նաեւ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ հաստատուած զինադադարէն ետք տարածաշրջանին իրավիճակը, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի, Իրանի ու Հայաստանի միջեւ հաղորդակցութեան միջանցքներու ու երկաթուղային ուղիներու հարցը:
Ըստ Ատրպէյճանի մէջ Իրանի դեսպանատան՝ անոնք անդրադարձան նաեւ Ատրպէյճանի տարածքը ականազերծելու աշխատանքներուն եւ տարածաշրջանին մէջ ենթակառուցուածքները վերականգնելու աշխատանքներուն Իրանի մասնակցութեան հնարաւորութեան:
Զարիֆ վաղը պիտի այցելէ Հայաստան: