ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ներկայացուցիչներու տան տասնեակներով անդամներ, առաջնորդութեամբ քոնկրեսական Տէյվիտ Վալատաոյի եւ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի միւս ղեկավարներուն, նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին կոչ ըրին՝ անմիջապէս դադարեցնէելու Ատրպէյճանին տրուող ամերիկեան ռազմական օժանդակութիւնները, որոնք կը նպաստեն Պաքուի ռազմական գործողութիւններուն եւ անոր ռազմական կարողականութեան բարելաւման:
24 Մայիս թուակիր եւ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընին հասցէագրուած նամակը ստորագրած քոնկրեսականները մտահոգութիւն կը յայտնեն նախագահ Պայտընի կողմէ Ազատութեան աջակցութեան օրէնքի թիւ 907 յաւելուածին գործադրութիւնէն հրաժարելու նկատմամբ:
Այդ յաւելուածին պահանջներով կը սահմանափակուին Ամերիկեան օգնութիւնները Ատրպէյճանին, մինչեւ այս վերջինս կասեցնէ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ բռնարարքները։
«Ամերիկեան ոչ մէկ տոլար պէտք է տրուի Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն: Քարիւղով հարուստ այդ երկիրը ցեղային զտումներ կ՛իրականացնէ Արցախի մէջ, հայ ռազմագերիներ կը պահէ եւ հիմա տարածքներ կը բռնագրաւէ Հայաստանի Հանրապետութենէն: Նախագահ Պայտըն պէտք է անյապաղ սրբագրէ 907րդ յաւելուածը գործադրելէ հրաժարուելու իր որոշումը, իսկ եթէ ոչ՝ Քոնկրեսը պէտք է կանխէ ամերիկեան ռազմական օժանդակութիւնը Ալիեւի վարչակազմին», ըսաւ Վալատաօ։
«Ֆրեզնոյի եւ Կեդրոնական Քալիֆորնիոյ այլ շրջաններու հայերը կը միանան բոլոր ամերիկահայերուն եւ մեր գործընկերներուն, շնորհակալութիւն յայտնելու քոնկրեսական Վալատաոյին եւ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համանախագահներուն` Ալիեւի վարչակազմին տրուող ամերիկեան ռազմական օժանդակութիւնը դադարեցնելու պայքարին աջակցելու իրենց կեցուածքին համար», ըսաւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան՝ յիշեցելով, որ Արցախ այցելած Վալատաօ մօտէն ծանօթ է արցախցիներու մարտահրաւէրներուն։
Նամակը կարդալու եւ քոնկրեսականներուն անուանացանկը տեսնելու համար այցելել կայքէջը։