ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 25 Մայիսին անջատ տեսակցութիւններ ունեցաւ Հայաստանի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Սերգէյ Քոփիրքինի եւ Ֆրանսայի դեսպան Ճոնաթան Լաքոթի հետ:
Սարգսեան եւ Լաքոթ անդրադարձան Հայաստանի սահմանային իրավիճակին, Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան հանդէպ կատարուող ոտնձգութիւններուն, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներուն եւ քաղաքացիներուն վերադարձի հարցին:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցերուն, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու ներկայ օրակարգին վերաբերող:
Ռուսիոյ դեսպանին հետ հանդիպման յատկապէս անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի սահմանային իրավիճակին, պատերազմէն ետք ծագած մարդասիրական հարցերուն, մասնաւորապէս, Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիները ու քաղաքացիները վերադարձնելու հարցին: Միտքեր փոխանակուեցան նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցերուն շուրջ: