ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքը` իր բոլոր կառոյցներով եւ հաստատութիւններով մերժեց Փարիզի մէջ Նիկոլ Փաշինեանի հետ որեւէ տեսակի կապ կամ հանդիպում եւ զայն դիմաւորեց բողոքի ցոյցերով։
Վարչապետի պաշտօնակատարին 1 Յունիսին Ֆրանսա տուած այցելութեան մասին խօսելով՝ «Երկիր»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան դիտել տուաւ, որ Ֆրանսայի նախագահը Փաշինեանը Փարիզ հրաւիրած է Հոկտեմբերին՝ ընտրութիւններէն ետք, որովհետեւ քաղաքական բարոյագիտութիւնը թոյլ չի տար նախընտրական շրջանին թեկնածուներէն մէկուն առաւելութիւն տալ`անոր հանդէպ ուշադրութիւն ցուցաբերելով:
«Սակայն Փաշինեան պնդեց, որ ինք Փարիզ պիտի այցելէ շուտով։ Սա քաղաքական մուրացկանութիւն է», շեշտեց Փափազեան` վստահեցնելով, որ Փաշինեան ընդամէնը կ՛ուզէ լուսանկարուիլ Մաքրոնի հետ: Ան նշեց, որ, որովհետեւ իրենք մեծ աշխատանք տարած են, եւ Ֆրանսան փրոհայկական է՝ դժուար չէ Հայաստանի ոեւէ ղեկավարի համար հանդիպում խնդրել եւ ստանալ Ֆրանսայի նախագահէն:
Ըստ Փափազեանի՝ Փաշինեանի անսկզբունք քաղաքականութիւնը կը դժուարացնէ ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերուն աշխատանքը: Իբրեւ օրինակ՝ ան ըսաւ, որ վերջին պատերազմին ընթացքին ալ Ֆրանսայի հայ համայնքը շատ լուրջ աշխատանք տարաւ զանազան կառոյցներու եւ քաղաքական գործիչներու մօտ՝ ի նպաստ Արցախի անկախութեան հանրային կարծիք ստեղծելու համար: Բազմաթիւ հաստատութիւններ ստորագրեցին բանաձեւ` կոչ ուղղելու Ֆրանսային, որ ճանչնայ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը: Բայց, վերջապէս, գիտակցեցան, որ Հայաստան այդ ուղղութեամբ հայեցակարգ չունի։
Ըստ Մուրատ Փափազեանի՝ երբ բանաձեւը տարուեցաւ Ծերակոյտ եւ Ազգային ժողով, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը ըսաւ, թէ իրեն համար անհասկնալի է՝ ինչո՛ւ կը պահանջեն, որ Ֆրանսան ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը, երբ Հայաստանի վարչապետը ինք չէ դիմած, որ Ֆրանսան ճանչնայ: «Ինչո՞ւ ճանչնանք, ինչո՞ւ դուք արտաքին աշխարհին մէջ այդ աշխատանքը կը տանիք, երբ ներսէն մեզի դիմում չէ կատարուած», հարցուցած էր նախարարը։
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ֆրանսահայ հասարակական-քաղաքական գործիչ Յովսէփ Տէր Գէորգեան եւս անդրադարձաւ այս այցելութեան եւ ըսաւ, որ անիկա Փաշինեանի կողմէ փորձ է ընտրութիւններու նախօրեակին քաղաքական մուրացկանութեամբ օրինակութիւն գտնելու։
«Մենք զայն չենք ճանչնար իբրեւ վարչապետ, առաւել եւս` իբրեւ ժամանակաւոր պաշտօնակատար: Ան ոչ թէ հայկական պետութիւն կը ներկայացնէ, այլ՝ պարտութեան, ստախօսութեան, պետականութեան կործանման, մեր ազգի նուաստացման ու դաւաճանութեան խորհրդանիշն է», ըսաւ ան:
Յովսէփ Տէր Գէորգեան հետաքրքական նկատեց այն, թէ ինչո՛ւ Փաշինեան այսօր կը դիմէ նախագահ Մաքրոնին, երբ 9 Նոյեմբեր 2020ին արհամարհեց նոյն Մաքրոնի հեռաձայնները, որոնք կրնային կանխել այդ ամօթալի յայտարարութեան ստորագրութիւնը՝ աւելցնելով, թէ Փաշինեանի այս այցելութիւնը սին քարոզչութեան ու ամբոխավարութեան հերթական ապացոյց է:
«Նիկոլ Փաշինեան Ֆրանսայի մէջ չէ որ պիտի գտնէ մեր այսօրուան աղէտալի վիճակէն դուրս գալու միջոցներ: Ֆրանսան իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ զօրավիգ է Հայաստանի Հանրապետութեան, եւ Փաշինեան այս յարաբերութիւններուն մէջ որեւէ յաւելեալ արժէք չունի. այս կացութենէն դուրս գալու հիմնական արգելքը ի՛նքն է, եւ լուծումը մէկն է ու միակը` իր անյապաղ հեռացումը», եզրափակեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը: