ԱԹԷՆՔ.- Աթէնքի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանութեան առջեւ, Չորեքշաբթի, 26 Մայիսի երեկոյեան, ՀՅԴ Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան անդամները կազմակերպեցին բողոքի հաւաք մը՝ դատապարտելու համար Ատրպէյճանի սադրիչ գործողութիւնները:
ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամները, փոխն ի փոխ բարձրախօսը վերցնելով՝ յոյն հանրային կարծիքին առջեւ ներկայացուցին Սիւնիքի մէջ Ատրպէյճանի ներխուժման փորձերը եւ անոր շարունակական յարձակողապաշտութիւնը Արցախի ու Հայաստանի ժողովուրդին դէմ, խստօրէն դատապարտելով Հայաստանի սահմաններէն ներս Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ներխուժումը եւ պահանջելով հայ ռազմագերիներու ազատ արձակումը: Իրենց խօսքերուն մէջ, երիտասարդականի անդամները անդրադարձան Ատրպէյճանի ոճրագործութիւններուն, Արցախի ու Հայաստանի դէմ շարունակուող բռնարարքներուն, միջազգային օրէնքներու կոպիտ խախտումներուն եւ հայութեան դէմ անվերջ սպառնալիքներուն:
Յունաստանի հանրային կարծիքը եւ քաղաքական շրջանակները լաւապէս տեղեակ են Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութենէն, այնպէս, ինչպէս պարզուեցաւ Արցախի 44օրեայ պատերազմին ընթացքին, եւ անկէ ետք առնուած սադրիչ քայլերով:
Խօսուեցաւ օրեր առաջ Եւրոպական Խորհրդարանի լիագումար նիստին որդեգրուած բանաձեւին եւ անկէ բխող ազդարարութիւններուն մասին, զորս Եւրոպական Խորհրդարանը ուղղած է Ատրպէյճանին:
Հաւաքին մասնակցող երիտասարդները բարձրացուցած էին պաստառներ եւ ցուցանակներ, որոնց վրայ արձանագրուած էին լօզունգներ յունարէնով եւ անգլերէնով:
Ցոյցին ամբողջ տեւողութեան, լօզունգներով պահանջուեցաւ հայ գերիներուն ազատ արձակումը, զոր անյապաղօրէն գործադրելու պարտաւոր է Ատրպէյճան: