ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան «Դատաբժշկական գիտագործնական կեդրոն»ի Աբովեանի մասնաճիւղի վարիչը եւ Արցախեան պատերազմին ընթացքին զոհուած զինուորներու դիակներու եւ մասունքներու պահպանման գործընթացին մէջ ընդգրկուած 2 աշխատակիցներ գործէ արձակուեցան:
Այս մասին հաղորդեցին Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութենէն՝ աւելցնելով, որ կեդրոնի տնօրէնն ալ խիստ նկատողութիւն ստացաւ:
Հայաստանի գլխաւոր դատախազի խորհրդական Գոռ Աբրահամեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է, որ Կոտայքի մարզի դատաբժշկական փորձաքննութիւններու բաժինի սառնարաններուն մէջ տեղերու չգոյութեան պատճառով արցախեան պատերազմին զոհուած զինուորներուն դիակները եւ մասունքները կեպընկալէ պարկերու մէջ պահելու եւ զանոնք պահպանելու անհրաժեշտ պայմաններ չունեցող նկուղային սենեակներու մէջ ձգելու փաստին առթիւ, Հայաստանի Կոտայքի մարզի դատախազին որոշումով յարուցուած է քրէական գործ։
«Դրա շրջանակներում իրականացուող քննչական գործողութիւնների կատարման ընթացքում զոհուած զինծառայողների դիերով ու մասունքներով նշուած պարկերից 6ը նկուղային յարկից տեղափոխուել են Կոտայքի մարզի դատաբժշկական փորձաքննութիւնների բաժնում առկայ սառնարաններ, իսկ միւսները` Գեղարքունիքի մարզի Մարտունու դիահերձարան», յայտնեց Աբրահամեան: