ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ս. Փեթերսպուրկի մէջ, 3 Յունիսին տեղի ունեցաւ Հայաստանի գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեանի հանդիպումը Ռուսիոյ գլխաւոր դատախազ Իկոր Քրասնովի հետ։
Քննարկուեցան Հայաստանի եւ Ռուսիոյ գլխաւոր դատախազութիւններուն միջեւ ձեւաւորուած ամուր գործընկերային յարաբերութիւններու զարգացման, քրէական գործերու մէջ իրաւական փոխօգնութեան, ինչպէս նաեւ միջազգային յանցագործութեան դէմ պայքարին մէջ երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափերով համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:
Գլխաւոր դատախազները անդրադարձան Հայաստանի տարածքին մէջ սահմանապահ, իսկ Արցախի Հանրապետութեան մէջ խաղաղարար առաքելութիւն իրականացնող ռուս զինուորական անձնակազմերու քրէաիրաւական պաշտպանութեան ծիրին մէջ ծառայութիւն կատարող Ռուսիոյ դատախազութեան եւ քննչական մարմինի աշխատակիցներու եւ Հայաստանի ու Արցախի իրաւապահ մարմիններուն միջեւ գործակցութեան կառուցակազմերուն, հայ-ատրպէյճանական շփման գիծին մէջ հրադադարի դրութեան խախտման միջադէպերու բացառման կամ տեղի ունեցող նման դէպքերը տեղւոյն վրայ արձանագրելու եւ արձագանգելու գծով Հայաստանի եւ Ռուսիոյ գլխաւոր դատախազներուն միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման։
Հայաստանի գլխաւոր դատախազը ընդգծեց յատկապէս 2020ին տեղի ունեցած Արցախեան պատերազմէն ետք յառաջացած մարդասիրական հարցերու լուծման, ռազմական գործողութիւններու ընթացքին անհետ կորսուած եւ զոհուած զինուորներու յայտնաբերման, անոնց վերաբերեալ տուեալներու ստուգման գործընթացին մէջ Ռուսիոյ գլխաւոր դատախազութեան եւ անձամբ Իկոր Քրասնովի շահագրգիռ եւ սրտացաւ ներգրաւուածութիւնը:
Հայաստանի գլխաւոր դատախազը անդրադարձաւ նաեւ միջազգային իրաւունքի եւ 9 Նոյեմբեր 2020ին ստորագրուած հրադադարի հաստատման վերաբերեալ եռակողմանի յայտարարութեան 8րդ կէտին համաձայն, Ատրպէյճանի մէջ պահուող, գերի տարուած հայ զինուորներուն եւ քաղաքացիներուն վերադարձին, անոնց իրաւունքներու պաշտպանման անհրաժեշտութեան: Արթուր Դաւթեան շեշտեց, որ յայտարարութեան 8րդ կէտի ամբողջական կատարումը եւ մարդասիրական բնոյթի հարցերու լուծումը կրնայ բաւարար երաշխիք դառնալ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան, տնտեսական եւ այլ ոլորտներու մէջ արդիւնաւէտ ու անվտանգ համագործակցութեան համար:
Կողմերը պայմանաւորուեցան աշխատանքային կարգով եւ ռուսական կողմին միջնորդական ջանքերով շարունակել պարբերական շփումները՝ բարձրացուած հարցերու լուծումները գտնելու ուղղութեամբ: