ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Եւրոպական Միութիւնը ողջունեց Վրաստանի աջակցութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ համաձայնութիւնը, որուն շնորհիւ 12 Յունիսին Պաքու ազատ արձակեց 15 հայ գերիներ, իսկ Հայաստան ականապատ տարածքներու քարտէսներ փոխանցեց, կը յայտնէ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան ներկայացուցիչ Ժոզեթ Պորել:
«Այս գործողութիւնները մարդասիրական եւ վստահութեան ամրապնդման ուղղուած կարեւոր քայլեր են Պաքուի եւ Երեւանի կողմէ, որոնք, յուսանք, նոր ուղի կը հարթեն կողմերուն միջեւ յետագայ համագործակցութեան, բոլոր պահուող հայ անձերու ազատ արձակման, ինչպէս նաեւ տարածքներու ականապատման բոլոր քարտէսներու յանձնման համար՝ խուսափելու համար մարդկային նոր զոհերէ», նշեց Պորել՝ աւելցնելով. «Կը շարունակենք խթանել հակամարտութեան կայուն եւ համակողմանի կարգաւորումը, ինչպէս նաեւ կը վերահաստատենք մեր կոչը Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին՝ դարձեալ ներգրաւուելու ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահներու հովանիին տակ առարկայական բանակցութիւններու մէջ»։