ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի իշխանութիւնները, շարունակելով խախտել միջազգային իրաւունքներու չափանիշները՝ 20 տարուան բանտարկութեան դատապարտեցին Շուշիի մօտերը գերի բռնուած լիբանանահայ Վիգէն Էլճէքճեանը: Անոր դէմ ներկայացուած էին քանի մը շինծու մեղադրանքներ, մասնաւորապէս՝ ահաբեկչութեան, կազմակերպուած յանցագործութեան մասնակցութեան եւ Ատրպէյճանի պետական սահմանը ապօրինի կերպով հատելու:
Նշենք, որ անցեալ տարուան 10 Նոյեմբերին, ատրպէյճանական ուժերուն կողմէ Բերձորի մէջ գերի բռնուած Էլճէքճեան անցեալ ամիս հիւանդանոց փոխադրուած էր: Ան գերի առնուած էր նոյնպէս լիբանանահայ՝ Մարալ Նաճարեանի հետ, որ 10 Մարտին ազատ արձակուեցաւ եւ տեղափոխուեցաւ Լիբանան: