ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Շաբաթ, 12 Յունիսին Աղտամի շրջանի ականապատման տարածքներու քարտէսներուն դիմաց Հայաստան վերադարձան 15 գերիներ՝ Ստեփանեան Արթուր, Էլիբէկեան Գեղամ, Սեդրակեան Ալեքսան, Գասպարեան Էրիկ, Բաբայեան Սաշա, Անդրէասեան Արտակ, Խաչատրեան Էրիկ, Սերունեան Նարեկ, Պետրոսեան Սասուն, Սարգսեան Վրոյր, Բուդոյեան Արմէն, Օհանեան Բորիս, Աբգարեան Արթուր, Ոսկանեան Դաւիթ, Յունանեան Արգամ: Հայրենիք վերադարձածներէն 4ը 27 Մայիսին Գեղարքունիքի մարզի սահմանագիծին վրայ գերի առնուած 6 զինուորներէն են:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ վրացական-ատրպէյճանական սահմանին վրայ, Վրաստանի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ, Պաքուն հայկական կողմին յանձնեց 15 ռազմագերիներ, որոնց դիմաց ստացաւ Աղտամի շրջանի ականապատման տարածքներու քարտէսներ:
Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ անդրադարձաւ այս միջնորդութեան՝ դիտել տալով, որ գերիներու վերադարձը եւ քարտէսներու յանձնումը կատարուած է իր գործօն օժանդակութեամբ ու իրենց ռազմավարական գործընկեր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Ֆիլիփ Ռիքըրի մասնակցութեամբ:
«Անձամբ ես անընդհատ կապի մէջ էի Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Հայաստանի ներկայ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Յատկանշական է, որ մեր ռազմավարական գործընկերոջ` Միացեալ Նահանգներու աշխոյժ մասնակցութեամբ եւ գործընթացին մէջ մեր զգալի ներգրաւումով, յատուկ քայլ կատարուած է Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ անվտանգութեան միջավայրի բարելաւման ուղղութեամբ:
«Ես կ՛ողջունեմ մեր դրացի պետութիւններուն այս որոշումը, որ պէտք է հիմքեր ստեղծէ շրջանին մէջ լարուածութիւնը մեղմացնելու եւ երկարաժամկէտ հեռանկարի մէջ համագործակցութեան մթնոլորտ ստեղծելու համար: Մենք պատրաստ ենք ապագային, անհրաժեշտութեան պարագային եւ կարելիութեան սահմաններուն մէջ օգնելու մեր գործընկերներուն եւ աշխուժօրէն ներգրաւուելու հոլովոյթներուն մէջ, նախ եւ առաջ մարդասիրական հարցերու լուծման գործին մէջ», կ՛ըսուի Վրաստանի վարչապետին գրառման մէջ: