ՊԸՐՊԵՆՔ․- Կիրակի, 6 Յունիսին, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ Ամերիկայի Արեւմտեան թեմին մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածինի տօնը:
Հանդիսապետութեամբ թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի՝ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւնը մասնակցեցաւ պատարագի սրբազան արարողութեան Պըրպենքի Առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ: Օրուան պատարագիչն էր Գուգարաց թեմի առաջնորդ Յովնան եպս. Յակոբեան, որ հիւրաբար կը գտնուէր Արեւմտեան թեմ:
Յընթացս Ս․ պատարագի, «Հայր Մեր»էն առաջ կատարուեցաւ Հայրապետական մաղթանք, որմէ ետք առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանն իր սրտի խօսքը ուղղեց ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդին, ապա սրբազան հայրը իր բարեմաղթանքները ուղղեց Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի «Փոքրիկ Հրեշտակներ» շաբաթօրեայ վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտներուն, տնօրենութեան` ի դէմս Յովհաննէս սրկ. Գումրոյեանի, ծնողներուն, ուսուցիչներուն եւ բոլոր ներկաներուն։ Այնուհետեւ, շրջանաւարտները առաջնորդին հետ արտասանեցին հայ աշակերտի ուխտադրութեան աղօթքը։
Ապա առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան պատարագիչ Յովնան եպս. Յակոբեանի հետ օրհնութեան կարգ կատարեց շրջանաւարտ աշակերտներուն համար:
Այնուհետեւ, պատարագիչ սրբազան հայրը տօնի խորհուրդին համաձայն յաւուր պատշաճի քարոզ տուաւ:
(Քաղուած առաջնորդարանի թղթակցութենէն)