ԿԱՊԱՆ, ՊԸՐՊԵՆՔ․- Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, Յունուարէն սկսեալ, ութ շաբաթեայ առցանց դասաւանդութիւններ սկիզբ առին Արցախի պատերազմին պատճառով տեղահանուած եւ Հայաստան գտնուող աշակերտներուն համար, Կապանի Ն1 եւ Ն3 եւ Մեղրիի Ն1 դպրոցներուն մէջ։

Կլենտէյլի Միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան անդամ Կրեկ Գրիգորեանի նախաձեռնութեամբ, եւ համագործակցութեամբ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի մէջ գործող շարք մը կազմակերպութիւններու՝ «Հայ Հոփս» կոչուող ծրագիրը առիթ կ՛ընծայէ Միացեալ Նահանգներէն դասատուներու հեռահաս դասաւանդութիւններ կատարելու նշեալ աշակերտներուն համար։
«Հայ Հոփս» ծրագիրը կը տեղեկացնէ, թէ 12 Մարտին յաջողութեամբ ամբողջացած է ծրագիրին առաջին հանգրուանը, իսկ 28 Մայիսին՝ երկրորդ հանգրուանը եւ կ՛աւելցնէ, թէ ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնին եւ այլ կազմակերպութիւններու հետ կարելի եղած է համաձայնութիւններ գոյացնել Սիւնիքի մարզին մէջ աւելի մեծ թիւով աշակերտներու աջակցելու նպատակով։
Իւրաքանչիւր հանգրուանին մասնակցեցան առաւել քան 200 աշակերտներ։
Գրիգորեան Հայաստան կատարած իր նորագոյն այցելութեան ընթացքին նաեւ այցելեց առաւել քան 25 դպրոցներ, Կապանի, Մեղրիի, Գորիսի եւ Սիսիանի մէջ, մօտէն ծանօթանալու համար անոնց կարիքներուն։
Այս ծրագիրին շնորհիւ, զանազան երկիրներէ կամաւոր ուսուցիչներ, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն ուսուցիչներ կու տան ուսողութեան, անգլերէնի, գիտութեան, բնագիտութեան, արուեստի եւ համակարգիչի դասեր։
Նշենք, որ ՝ «Հայ Հոփս» ծրագիրը այս նպատակին համար գործածուող առաւել քան 60 համակարգիչներ տեղափոխեց Հայաստան։
Ծրագիրին կամաւոր սպասարկութիւններ տրամադրել փափաքողները կրնան դիմել info@hyehopes.org հասցէին, իսկ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել hyehopes.org կայքը։
