Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան 3էն 6 Յունիս հովուական եռօրեայ ուխտագնացութեան մեկնեցաւ Ֆրեզնոյի շրջանը:
3 Յունիսի երեկոյեան, առաջնորդը բարի գալուստի մաղթանքով դիմաւորուեցաւ Ֆաուլըրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին, ծխական եւ յարակից մարմիններու անդամներուն կողմէ:
Ուրբաթ առաւօտեան, առաջնորդը եկեղեցւոյ մէջ հանդիպեցաւ Տիկնանց միութեան անդամներուն հետ, որմէ ետք սրբազան հայրը, ընկերակցութեամբ Թեմական խորհուրդի նախկին ատենապետ եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի նախկին անդամ տոքթ. Վարուժան Ալթեբարմաքեանի, Ֆրեզնոյի Հայագիտութեան ամպիոնի ղեկավար փրոֆ․Պարլօ Տէր Մկրտիչեանի, ամպիոնի դասախօս տոքթ. Սերճիօ Լա Փորթայի, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Կոմիտաս քհնյ. Զoհրապեանի եւ Ֆրեզնոյի Սուրբ Պօղոս Հայց. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Եսայի քհնյ. Պետրոսի՝ նշանակալից հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի նախագահ տոքթ. Սաուլ Հիմենեզ Սանտովալի հետ:
Առաջնորդը Սանտովալին յղուած իր խօսքին մէջ ըսաւ հետեւեալը. «Կը գնահատենք ձեր յարգանքը եւ հոգատարութիւնը հայ մշակոյթին եւ ժառանգութեան հանդէպ: Ձեր այցը Հայաստան տպաւորած է բոլորս, եւ մենք կ՛ակնկալենք, որ յառաջիկայ ամիսներուն եւ տարիներուն առաւել խորութեամբ կ՛ամրապնդենք մեր հաստատութիւններու յարաբերութիւնները»:
Իբրեւ նշան երախտագիտութեա՝ն սրբազան հայրը տոքթ. Սանտովալին նուիրեց Քրիստոսի Ս. ծննդեան պատկերը ներկայացնող հայ միջնադարեան մանրանկարչութեան արուեստի օրինակ մը:
«Ֆրեզնոյի համալսարանի Հայագիտական ծրագիրին նպատակն է՝ ուսանողներուն եւ հասարակութեան լայն շերտերուն ծանօթացնել հայոց պատմութիւնը, լեզուն եւ մշակոյթը, եւ մենք այդ մէկը կը համարենք կարեւոր ծրագիրը մը մեր կրթական գործընթացքին մէջ», իր պատասխան խօսքին մէջ նշեց Սանտովալ:
ԴՊԻՐՆԵՐՈՒ ԵՒ ՍԱՐԿԱՒԱԳԱԿՆԵՐՈՒ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ՖԱՈՒԼԸՐԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Ֆաուլըրի հայ համայնքի կեանքին մէջ Շաբաթ, 5 Յունիսը սկսաւ հոգեւոր եւ նշանակալի իրադարձութիւններով: Առիթը եզակի էր, որովհետեւ օրուան պատարագիչը առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանն էր: Եկեղեցւոյ կամարներուն տակ մէկտեղուած էին բազմաթիւ հայորդիներ, որպէսզի մասնակցին օրուան սրբազան արարողութիւններուն: Արարողութիւններուն ներկայ էր նաեւ Ֆաուլըրի ծուխի երկարամեայ եւ վաստակաւոր հոգեւոր հովիւ Գէորգ Ա. քհնյ. Առաքելեան:
Յընթացս Ս․ պատարագի, ձեռամբ առաջնորդին եւ խարտաւիլակութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Կոմիտաս քհնյ. Զոհրապեանի, տեղի ունեցաւ չորս դպիրներու եւ երկու սարկաւագներու ձեռնադրութիւն, ներկայութեամբ՝ անոնց հարազատներուն եւ հաւատացներու հոծ բազմութեան: Աստուածային օրհնութեամբ եւ շնորհներով լեցուն դպրաց եւ սարկաւագաց ձեռնադրութեան ընթացքին` աղօթքներով, սաղմոսներով եւ շարականներու երգեցողութեամբ դպրութեան չորս խոնարհ աստիճանները շնորհուեցան եկեղեցւոյ մէջ սպասաւորող չորս փոքրիկներուն` Էնթընի Զոհրապեան, Ճեք Քրոլէյին, Տիլըն Քրոլէյին եւ Տասթըն Վարդանեան:
Այնուհետեւ սարկաւագութեան երկու ընծայացուներ ծնկաչոք խորան բարձրացան եւ սրբազան հօր օրհնութիւնը ստանալով, խորհրդանշական կերպով ստացան քահանայական զգեստ, պատարագի խորհրդատետր, սկիհ եւ մաղզմայ բռնելու իրաւունք, ապա անոնց տրուեցաւ վերաբերում կատարելու եւ Աւետարան ընթերցելու իրաւունք: Սարկաւագութեան պաշտօնը ստանալով նոր ձեռնադրուած սարկաւագներ` Էնտրու սրկ. Յակոբեան եւ Կրեկըրի սրկ. Զոհրապեան իրենց ուրարները փոխադրեցին իրենց ուսերուն:
Արարողութեան աւարտէն ետք, առաջնորդը իր խօսքը ուղղեց նոր ձեռնադրուած դպիրներուն եւ սարկաւագներուն` նշելով, որ այս սրբազնասուրբ խորհուրդի եւ ձեռնադրութեան միջոցաւ կարեւոր կոչումի մը արժանացան անոնք, որ է՝ առաւել ջանասիրութեամբ եւ նուիրումով ծառայել եկեղեցւոյ եւ մեր ժողովուրդին: Այնուհետեւ սրբազանը, խօսքը ուղղելով ծուխի հոգեւոր հովիւին եւ հաւատացեալ ժողովուրդին՝ իր հայրական խրատները, սէրն ու օրհնութիւնը բաշխեց անոնց:

Պատարագի աւարտին, սրբազան հայրը, քահանայ հայրերը, նոր ձեռնադրուած սարկաւագները, դպիրները եւ հաւատացեալ ժողովուրդը «Ուրախ լեր» շարականին երգեցողութեամբ` թափօրով միասնաբար ուղղուեցան դէպի եկեղեցւոյ յարկին տակ նոր բացուած «Ահարոնեան» թանգարանը, ուր սրբազանը կատարեց օրհնութեան եւ բացման կարգը:
Իբրեւ նշանաւորութիւն օրուան խորհուրդին եւ առաջնորդին ուխտաբար կատարած այցելութեան՝ տեղի ունեցաւ նաեւ Մատաղի արարողութիւն եւ ներկայ բոլոր հաւատացեալներուն մատաղ բաժնուեցաւ: Սրբազանը իր գնահատանքը փոխանցեց ծուխի հաւատացեալներուն իրենց նուիրումին, հայապահպանման, ինչպէս նաեւ սիրալիր հիւրընկալութեան համար:
(Քաղուած առաջնորդարանի թղթակցութենէն)