ԵՐԵՒԱՆ, ԺԸՆԵՒ, «Արմէնփրէս», «Պի․Պի․Սի․»․- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի եւ Ռուսիոյ անոր պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինի միջեւ 16 Յունիսին տեղի ունեցած հանդիպման աւարտին Փութին դրական եւ Շինիչ որակեց առաւել քան չորս ժամ տեւած խորհրդակցութիւնները:
Փութին յայտնեց, որ Պայտընի հետ քննարկուեցան ռազմավարական կայունութիւնը պահպանելու, առեւտրական յարաբերութիւններուն, տարածաշրջանային հակամարտութիւններու, եւ համացանցային ապահովութեան վերաբերող հարցեր:
Յատկանշական է, որ Փութինի հետ շարք մը տարակարծութիւններու պատճառով, Պայտըն մերժած էր միացեալ մամլոյ ասուլիսի մասնակցիլ Փութինի հետ։ Ան նաեւ Սպիտակ տուն չհրաւիրեց Փութինը։