ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐ ՊԱՀԱՆՋՈՒԵՑԱՆ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ԵՒ ՊԱՔՈՒԻ ԴԷՄ
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան 2022ի ամավարկի քննարկումներուն ընթացքին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուց Արցախին եւ Հայաստանին յաւելեալ աջակցութիւն տրամադրելու հրամայականը բացատրող փաստեր։
Առաջարկին մէջ կը շեշտուի, որ յաջորդ ամավարկին մէջ Ստեփանակերտին եւ Երեւանին պէտք է տրամադրուի 350 միլիոն տոլար գումար մը, որպէսզի կարելի ըլլայ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի եւ Արցախի վրայ անցեալ տարուան ահաւոր յարձակումներուն, ինչպէս նաեւ համաճարակին պատճառած մարդկային եւ նիւթական վնասները դարմանելուն նպաստել։
Փաստերը ներկայացուեցան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կառավարական հարցերու վարիչ Թերեզա Երիմեանի կողմէ, որ շեշտեց, թէ յատկապէս այս հանգրուանին պէտք է սերտացնել հայ-ամերիկեան կապերը եւ թէ Արցախ եւ Հայաստան կարիքը ունին Միացեալ Նահանգներու տնտեսական եւ մարդասիրական աջակցութիւններուն՝ յստակացնելով, որ Արցախին պէտք է տրամադրել 250 միլիոն տոլարի աջակցութիւն, իսկ Հայաստանին՝ 100 միլիոն տոլար։
Երիմեան նաեւ շեշտեց, թէ միջազգային օրէնքները խախտելով՝ նշեալ յարձակումները իրականացուցած Անգարայի եւ Պաքուի դէմ պատժամիջոցներ պէտք է սահմանել ու պէտք է կասեցնել Ատրպէյճանին տրամադրուող ռազմական եւ այլ ձեւի ամերիկեան բոլոր աջակցութիւնները։
Վկայութիւնը կարելի է կարդալ կայքէջին վրայ։