ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Օրհնութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին՝ Շաբաթ, 12 Յունիսին, Անթիլիասի Մայրավանքին հովանիին տակ գործող Հայ եկեղեցեւոյ համալսարանական ուսանողներու միութենէն (ՀԵՀՈՄ) խումբ մը երիտասարդներ, գլխաւորութեամբ միութեան հոգեւոր խորհրդատու Արտաւազդ վրդ. Շարոյեանի, իրենց անձնական ջանքերը եւ ճիգերը ի գործ դնելով, 20 կարիքաւոր լիբանանահայ ընտանիքներու օժանդակեցին։
Այցելութեան ընթացքին, երիտասարդները իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին նշեալ ընտանիքներուն եւ աղօթքով, քաջալերական ու զօրակցական արտայայտութիւններով գօտեպնդեցին զանոնք։

Սոյն նախաձեռնութիւնը իրականացաւ շնորհիւ ազնիւ նուիրատուի մը օժանդակութեամբ եւ կաթողիկոսին քաջալերանքով։ ՀԵՀՈՄական երիտասարդները զանազան ծրագիրներու ճամբով մասնակցեցան հայ եկեղեցւոյ ընկերային ծառայութեան առաքելութեան։ Նման աշխատանքներ պիտի շարունակուին հերթաբար կատարուիլ ՀԵՀՈՄական երիտասարդներու նախաձեռնութեամբ։
