(Ազիզ Կիւլեսէրեանի Յիշատակին)
Իմ կեանքն անիւների վրայ
Կը գլորուի ու կը գնայ,
Մի օր ինձնից կը հեռանայ
Իմ կեանքն անիւների վրայ:
Ռուբէն Հախվերտեան
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Ծնողներդ, կնքահայրդ բան մը գիտէի՞ն, որ քեզ կնքած էին Ազիզ անունով: Հարցումիս պատասխանը երկրորդական է. կարեւորը այն է, որ դուն «հագած» էիր այս անունն ու ամբողջ էութեամբդ, գործերովդ, անաղմուկ ծառայութիւններովդ եւ շրջապատիդ հետ յարաբերութիւններուդ մէջ լիովին մարմնաւորեցիր «ազիզ»ութիւնը, եղար սրտամօտ, բարեհամբոյր, կեանքդ եւ վաստակդ (ո՛չ սոսկական նիւթական իմաստով) բաշխեցիր ծանօթներուդ, անոնք ըլլային ընտանեկան հարազատներ, բարեկամներ, ընկերներ թէ «ձեռքի աշխատանքիդ» սպասողներ:

Անունով-մականունով՝ Ազիզ Կիւլեսէրեան, սակայն բոլորը քեզ ճանչցան իբրեւ Ազիզ, եղար բոլորին ազիզ-ը, ինչպէս որ բոլորը ընդունեցիր իբրեւ ազիզ-ներ:
Քանի մը օր առաջ, տխուր ու գլխիկոր գերեզմանատուն գացեր էի բազմահարիւրներու պէս, վերջին հրաժեշտը տալու քեզի: Դուն, որ կեանքիդ մէկ մեծ մասը անցուցած էիր անիւներու վրայ, յաղթահարած էիր ինքնաշարժներու եւ այլ սարքերու բոլոր գաղտնիքները եւ «սադրանք»ները, հազար ու մէկ փորձանքէ եւ պատուհասէ յաղթական դուրս եկած էիր ու վերականգնած՝ յաղթական, ֆիզիքական եւ այլ բազում վնասներ կրած էիր ու գլուխդ վեր բարձրացուցած՝ ալիքներէն, օր մըն ալ այսպէս, «կատակի պէս» զոհ գացիր անիւներու վրայ եկող «արկած»ի մը: Չէ՞ որ կեանքը մի՛շտ ալ լեցուն է չար կատակներով…:
Հաւանաբար պիտի հասկնաս եւ քեզ յատկանշող այնքա՜ն մեղմ ժպիտովդ պիտի լսես ըսելիքս: Երբ գերեզմանատան մէջ արարողութիւնը կը զարգանար, կողքիս կանգնող սրտամօտ բարեկամի մը հետ կարճ զրոյց մը ունեցայ. մեր դէմքերուն վրայ տրտմութիւնը տեղի տուաւ ժպիտին առջեւ: Յիշեցինք, որ դուն ժպիտ բաժնող մըն էիր, զուարթախոհութիւնը ինքնաբուխ ծորում մը կ՚ունենար հազար ու մէկ պատմութիւններէդ, որոնք կը պատկերէին կեանքի սա կամ նա փուլի փորձառութիւններդ, համեղ անեկդոտներով կը համեմէիր զանոնք: Յիշեցինք, որ արի ու յանդուգն մարդ էիր, որովհետեւ «մտած էիր» գործերու մէջ, որոնք վարպետութեան կողքին՝ կը կարօտէին յանդգնութեան:
Ծննդավայրէդ՝ Հալէպէն մինչեւ Պէյրութ, ապա նաեւ Միացեալ Նահանգներ լայնցող օղակներով «կայսրութիւններ» նուաճած էիր ինքնաշարժներովդ: Օգնութեանդ կը դիմէին բոլոր անոնք, որոնք ԾԱՆՕԹ էին «ազիզ»ութեանդ, գիտէին, թէ որքան ծառայասէր ես, որքան գործ դիւրացնող, անշահախնդիր: Գիտէին, որ անիւներու աշխարհիդ կողքին՝ «ձեռքէդ շատ բան կու գայ», վարպետի գործ կ՛ընէիր…:
Արիութեան ու ընկերասիրութեան-մարդասիրութեանդ հետ, զուարթախոհութիւնդ անզուգական հրետանի մըն էր, որուն միջոցով մէկը չէիր սպաններ, չէիր վիրաւորեր, այլ ժպիտ ու տագնապներէ թեթեւացում կը բերէիր խօսակիցներուդ, կը գրաւէիր բոլորին բերդ-սիրտերը: Եւ այդ տխուր օրը, երբ հողակոյտիդ մօտ կ՛երգուէր «Վէրքերով լի…»ն (եւ քանի՜-քանի վէրք վաստկած էիր), կողքիս կանգնող բարեկամիս հետ արագ եզրակացութիւններու հասանք: Ըսինք՝ Ազիզը, իր անունին պէս ՄԱՐԴ մը ըլլալուն հետ, է՛ր նաեւ ազգանուէր, քաջարի, ընկերասէր, զուարթութիւն ծաղկեցնող: Յիշեցինք, որ անձնական ասպարէզիդ կողքին, ընտանիքիդ բարեկեացութիւնը ապահովելով մէկտեղ, եղած էիր լուռ ու մունջ գործող կուսակցական, վաստակէդ բաժին հանած էիր ազգիդ հաստատութիւններուն, միշտ ալ լռիկ-մնջիկ գործելով անոր համար: Միակ «աղմուկ»ը, որ քեզմէ կու գար, զուարճալիքներէդ բխող խնդուքն էր. եթէ զայրանայիր իսկ (եւ մասնաւորաբար վերջին 6-7 ամիսներուն մէկ մասնիկն էիր մեր հաւաքական զայրոյթին), կատակախառն բայց ո՛չ գռեհիկ «քըֆր»ով մը կը համեմէիր խօսակցութիւնը: Համաճարակը պատճառ եղաւ, որ մեր «հանդիպումները» ըլլային հեռաձայնով: Եւ մեր զրոյցներէն կը ծորէին դաշնակցականի՛ հայրենասիրութիւնդ, խոտորումները ուղղամիտ կերպով քննարկելու արդարամտութիւնդ, ընկերն ու հարազատը մի՛շտ համդուրժողութեամբ դիմաւորելու յատկութիւնդ…
Հարազատներդ ու ընկերներդ ընդհանրապէս ժպիտով քալեցին կողքիդ. հիմա ժպիտով ու բարի յիշատակներով պիտի շարունակենք ճամբորդութիւնը, երբ քու «կեանքի անիւներ»դ այսպէս` անակնկալօրէն դադրած են թաւալելէ: Երբ ժողովի երթանք, ԱԶԻ՛Զ ԸՆԿԵՐ, Ընկեր Ազի՛զ, քու բաշխելիք ժպիտներդ պիտի փնտռենք, պիտի յիշենք նաեւ, որ հակառակ վերջին տարիներուն «գլխուդ եկած» պատուհասներուն (առողջական հարցեր եւ այլ), դուն ժողովասրահին մէջ «աւանդական» աթոռիդ վրայ կ՛ըլլայիր պատրաճանաչ կերպով՝ անմիջապէս որ «պատուհաս»ին հետքերը թօթափէիր:
Պիտի զգանք, որ մի՛շտ մեզի հետ ես:
27 Մայիս 2021